2015-10-09 09:39:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց «Աքսիոն Քրեթիեն»-ի ներկայացուցիչները


Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Աքսիոն Քրեթիեն»-ը ներկայացնող եւ շուրջ 20 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը` առաջնորդութեամբ յիշեալ կազմակերպութեան նախագահին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու «Աքսիոն Քրեթիեն»-ի ներկայացուցիչները:

Վեհափառ հայրապետը Զուիցերիա իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած էր նոր կազմակերպութեան նախագահին եւ այլ ներկայացուցիչներուն հետ: «Աքսիոն Քրեթիեն»-ի նախագահն ու վերապատուելին ընդհանուր գիծերով ներկայացուցին կազմակերպութեան տարած աշխատանքները Միջին Արեւելքի մէջ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն եւ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն, շեշտեց շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը աւելի հզօրացնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեցուց քրիստոնեայ համայնքներու կրթական եւ մարդասիրական կարիքներուն օգտակար ըլլալու առաջնահերթ կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.