2015-10-09 10:04:00

՝՝Թող բռնութիւնները դադրին՝՝ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքի կոչը


(Ռատիօ Վատիկան)  Սուրբ Երկրի մէջ վերջերս տեղի ունեցած քաղաքական խանգարումներուն ի տես, Լատինաց համայնքի Պատրիարք` Ֆուատ Թուալ կոչ ուղղած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի քաղաքական իշխանութիւններուն`  վերջ տաlու բռնութիւններուն ու կլոր սեղանի շուրջ նստելու։

''Անգամ մը եւս յուսահատութեան խարոյկները, բորբոքուած ատելութենէն, ծանրապէս կը այս տանջուած Սուրբ Երկրին'' ըսած է Պատրիարքը մտահոգութիւն յայտնելով Իսրայելի եւ Պաղեստինի վրայ նոր բռնութիւններու փոթորիկին ի տես, ու խստիւ դատապարտելով  վերջերս տեղի ունեցող արիւնահոս արարքները, որոնք կրնան աւելիով սրել բռնութիւնները։ Պատրիարք Թուալ ապա կողմերը հրաւիրած էպահպանելու հանդարտութիւնը։

Քաղաքական ներկայ ծանր ու վտանգաւոր իրավիճակը երկու կողմերէն, Իսրայէլէն ու Պաղեստինէն կը պահանջէ,   քաջութեան վկայութիւն ու վերադարձ  բանակցութեան սեղանին շուրջ, հիմնուելով կայուն եւ համերաշխ սկզբունքներուն վրայ, ՄԱԿ-ի բանաձեւերու չափանիշերու հիման վրայ։

''Կարելի չէ հանդուրժել  որ ոխն ու արիւնահոսութիւնը  օրէնք դառնան այս երեք անգամ Սուրբ Երկրին մէջ'' յայտնած է Լատինաց Պատրիարք Ֆուատ Թուալ ի կոչին աւարտին, ու բոլոր հաւատացեալներէն խնդրած է աղօթել  Սուրբ Երկրին եւ անոր բնակիչներու համար, ինչպէս նաեւ Երուսաղեմի՝ խաղաղութեան քաղաքին դիտաւորութեան համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.