2015-10-08 10:46:00

Պատրիարք Ֆուատ Թուալի նամակը Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոս՝ դիմագիծը Հօր Ողորմութեան'' այս է Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք` գերերջանիկ Ֆուատ Թուալի,  Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ հռչակուած, ու յառաջիկայ  8 դեկետմբեր 2015-ին սկիզբ առնող Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ առթիւ յղած նամակին գլխաւոր նիւթը։

 ''Սիր'' լրատուական գործակալութեան համաձայն Սուրբ Երկրին մէջ պիտի բացուին Ողորմութեան յոբելեանի չորս եկեղեցիներուն սուրբ դռները. Երուսաղեմի Գեթսէմանիի  տաճարի դուռը, Բեթղեհէմի մէջ Սրբուհի Քաթերինա անուան եղեղեցւոյ դուռը, Նազարէթ Քաղաքի Աւետման եկեղեցւոյ դուռը  իսկ Յորդանաին մէջ ՝՝Լերան Տիրամօր՝՝ անուան Տաճարի դուռը։

Պատրիարք Թուալ այս առթիւ յղած  նամակին մէջ կը գրէ թէ երկրի ներկայ  իրավիճակը դժուարին է ու միջին արեւելքը կ՛ապրի պատմութեան ամենէն վատ ժամերէն մին՝ ի տես բարբարոսութեան ու  տմարդկային արարքներուն եւ ոխի ու ատելութեան աճումին։

Պատրիարք Թուալ ապա կ՛ակնարկէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն հանդէպ աշխարհին ցուցաբերուած անտարբերութեան ու հրաւէր կ՛ուղղէ մահի գաղափարապաշտութիւնը տարածողներուն անսալու իրենց խիղճի ձայնին։

Պատրիարքը ապա հաւատացեալներէն  կը խնդրէ աղօթել, որպէսզի սոյն քաղաքականութիւն որդեգրող դերակատարները ունկնդրեն կոչը դառնալու ''Աստուծոյ ողորմութեան վկաները'', ապա կը  հաստատէ թէ իսկական ողորմութիւնը կը գերազանցէ բոլոր սահմանները եւ կը կործանէ բովանդակ պատնէշները։

Աշխարհի մը մէջ ուր միշտ աւելիով կը գերիշխէ տմարդկայնութիւնը եւ որ կ՝ընթանայ դէպի բարբարոսութիւն եւ բռնութիւն, Քրիստոնէական կոչումն է` վկայել Աստուածային ողորմութիւնը, համագործակցութեամբ բարի կամք ունեցող այրերուն ու կիներուն կը գրէ  Ֆուատ Թուալ Պատրիարքը ու նամակը կ՝եզրափակէ բոլոր հաւատացեալներուն նկատել տալով թէ անոնք  որոշ կշիռք ունին  քաղաքական , տնտեսական, մշակութային ու ընկերային ընտանիքին ներքոյ ապա զանոնք կը հրաւիրէ ապրելու Ողորմութիւնը վերարծարծելու համար մշակոյթ մը որ մեզի պատկանող այս աշխարհին վրայ զեղու ողորմութիւն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.