2015-10-08 09:36:00

Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիստերը կը շարունակուին։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ երկուշաբթի 5 հոկտեմբերին վատիկանի մէջ սկիզբ առած` ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ ու ժամանակակից աշխարհի մէջ''  նիւթով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքները կը շարունակուին ''լեզուային փոքր խումբերու'' հաւաքներով որոնց ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը  կը բանակցին ու կը խորհրդածեն  Սիւնհոդոսի Աշխատանքային թղթածրարի  առաջին գլխաւոր նիւթին շուրջ ''Ընտանիքի մարտահրաւէրներու ունկնդրութիւնը'' որ կը   պարունակէ նաեւ հետեւեալ  նիւթերը.  Ընկերա-մշակութային շրջանակը, մարդաբանական փոփոխութիւնը, իշխանութիւններէն խուսափիլ, իշխանային անկայունութիւնը, անհատականութիւն եւ ենթակայականութիւն, կենսաբանական եւ մշակութային երեւոյթներ։

Սոյն խմբային հաւաքները վերջ կը գտնեն ուրբաթ` 9 հոկտեմբերին, սիւնհոդոսի չորրորդ  ընդհանուր նիստի գումարումով որուն ընթացքին, լեզուային փոքր խումբերը կը ներկայացնեն իրենց զեկոյցները որուն հիման վրայ  ''վերջնական զեկոյցի'' շարադրութեան յանձնախումբը  կը շարադրէ Սիւնհոդոսի Աշխատանքային թղթածրարի առաջին գլխաւոր նիւթին հայող վերջնական զեկոյցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.