2015-10-07 13:00:00

Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան թուիթը


(Ռատիօ Վատիկան)  2015ին ՄԱԿ-ը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Այս ծիրէն ներս, 2 հոկտեմբերին, ՄԱԿի կենդրոնին մէջ գումարուած է ՝՝Խաղաղութեան ի սպաս որդեգրելիք ուղին. ապահովութիւն եւ մարդկային իրաւունք՝՝ նիւթ ունեցող նիստ մը։ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ գերապայծառ Կալլակեր, ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ յայտնեց թէ դառն հեգնանք է ՝ՄԱԿ-ի 70 ամեակի նշումը կը զուգադիպի ժողովուրդներու զանգուածային արտագաղթով որ կը նկատուի համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ամենէն մեծ արտագաղթը։

Այս խօքսերէն ներշնչուած Վատիկանի Պետական քարտուղարութիւնը չորեքշաբթի, 7 հոկետմբերին հրատարակեց հետեւեալ թուիթը։

''Դառն հեգնանք մըն  է որ ՄԱԿ-ի 70 ամեակի նշումին կ՛ընկերանայ ժողովուրդներու արտագաղթը որ համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ամենէն մեծ արտագաղթը կը նկատուի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.