2015-10-08 13:14:00

Ռատիօ Վատիկանի ''Քորէական'' լեզուով նոր կայքէջը։


 (Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի պաշտօնական Ռատիոն` Ռատիօ Վատիկանը, 2016-ին կը բոլորէ իր հիմնադրութեան ու գործունէութեան 85 ամեակը։ Ռատիվատիկանի կայաններէն  կը սփռուին ամէ օր` 35 լեզուներով յայտագիրներ։ Ձայնասփիւռը ապա ունի 37 լեզուներով խմբագրութիւններու կայքեր, որոնց շարքին հայերէնը։ Ուրբաթ 9 հոկտեմբերէն սկսեալ վերոնշեալ խմբագրութիւններու շարքին կը սկսի գործել նաեւ 'Քորէական'' լեզուով կայքէջը։

Քորէական լեզուով նոր կայքէջի ձեռնարկը պտուղն է Ռատիովատիկանի տնօրէնութեան եւ Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի միջեւ կայացած հանդիպումներուն, Սուրբ Աթոռի մօտ Քորէայի դեսպանութեան միջնորդութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան ինչպէս նաեւ Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան համաձայնութեամբ։

Նոր կայքէջի բացման լուրը յայտարարուեցաւ այսօր`  7 հոկտեմբերին ''Քորէական լեզուի ազգային օրուան''  առթիւ, մինչ անոր գործունէութիւնը կը  սկսի ուրբաթ` 9  հոկտեմբերին որպէս հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան ''կամուրջ'' ընդմէջ Հռոմի ու ''առաւօտեան անդորրութեան'' երկրին։

Այս առնչութեամբ` Քորէայի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանը, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, հաստատեց թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին կարեւոր ու առաջնահերթ դերակատարութիւն ունի Քորէական ընկերութեան ու մշակոյթի ծիրէն ներս։

Քորէան որ է 103 նահատակներու երկիրը, որոնք սրբադասուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին` Քորէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։

Ռատիովատիկանի մատուցած այս նոր սպասարկութեամբ` Քահանայապետին, Սուրբ Աթոռի եւ տիեզերական եկեղեցւոյ լուրերը մատչելի կը դառնան Քորէացիներուն, միւս կողմէ եկեղեցին աւելի մօտ պիտի ըլլայ Քորէացիներու կեանքին - ըսած է Քորէայի դեսպանը ապա յայտնած է թէ  Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը որպէս հովուական խնամակալութեան պարտականութիւններու նիւթեր ընտրած է` Եկեղեցի մը աղքատներուն համար, եկեղեցի մը որ կ՝ապրի Աւետարանի ուրախութեամբ, եկեղեցի մը որ կ՛իրականացնէ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։ 

Հետեւաբար, յայտնեց դեսպանը, Քորէական լեզուով կայքէջը պիտի նպաստէ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի միջեւ հասկացողութեան զարգացման։

Քորէայի Դեսպանը հուսկ յայտնեց է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ  Քորէա  ժամանած պահուն, օդակայանին մէջ բացայայտած էր թէ Ինք  Քորէա եկած է իր սրտին մէջ կրելով երկրին խաղաղութեան իղձը իսկ Քորէաէն չմեկնած, Myung Dong տաճարին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Քորէայի խաղաղութեան եւ համերաշխութեան դիտաւորութեամբ։

Այս պահուն Քորէայի կղզին բաժնուած է երկու մասերու բայց մենք բոլորս եղբայրներ ու  քոյրեր ենք եւ կը խօսինք միեւնոյն լեզուն։ Քորէայի լեզուն խաղաղութեան եւ յոյսի լեզուն է։ Վատիկանի Ռատիոկայանի քորէական լեզուով  ծառայութիւնը պիտի հանդիսանայ միջոց մը առանց պատնէշներու՝ փոխադարձ հասկացողութեան, ոչ միայն հարաւային Քորէայի բնակիչներուն  համար, այլ  նաեւ սփիւռքի եւ Հիւսիսային Քորէայի մէջ ապրող  բնակիչներուն համար, հաստատեց Քորէայի դեսպանը Ռատիօ Վատիկանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին








All the contents on this site are copyrighted ©.