2015-10-07 09:30:00

Հռոմի մէջ աղօթքի ձեռնարկ Սուրիոյ եւ Իրաքի խաղաղութեան ի սպաս


(Ռատիօ Վատիկան) Կազմակերպութեամբ Հռոմի թեմի Եկեղեցիներու միջեւ առաքելական համագործակցութեան կեդրոնին եւ թեմին Գաղթականներու գրասենեակին Չորեքշանբթի, 7 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 6.30ին, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Տոմնիքա ալլա Նավիչելլա  անուան եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ ժամերգութեան արարողութիւն ՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս,  նախագահութեամբ Քաղտէացիներու Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Պատրիարքին, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Անտիոքի Ասորիներու Պատրիարք Իգնատիոս Եուսէֆ Գ Եունան։

Աղօթքին արարողութիւնը  սկիզբ կ՝առնէ ՝՝եկեղեցիներու միջեւ առաքելական համագործակցութեան կեդրոնին տեղապահ գերապայծառ Մաթթէօ Զուբբին ելոյթով։

Յայտնենք.  թէ վերջերս, Թիրանայի մէջ կայացած Սան Էճիտիոյի հասարակութեան միջազգային հանդիպումին ընթացքին, Պատրիարք Սաքօ խօսելով Միջին արեւելքի մասին յայտարարած է թէ  ՝՝Իրաքն ու Սուրիան ինչպէս նաեւ Միջին արեւելքը ցնցող բռնութիւնը մեծ ''զարհուրանք''  է։  Զարհուրանք՝ մեր երկիրներուն համար ինչպէս նաեւ  համայն աշխարհին։ Մարդկութիւնը չի կրնար բաւարարուիլ պարազապէս ականատես մնալով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.