2015-10-06 08:43:00

Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու երկրորդ օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 4 հոկտեմբեր 2015-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բացումը կատարեց եպիսկոպոսական ԺԴ սովորական սիւնհոդոսին, որուն բնաբանն է  ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը, եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ''։

Իսկ երկուշաբթի` 5 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ, սկիզբ առին վերոնշեալ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը, որուն բացումը կատարեցին Սիւնհոդոսի նախագահ` Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուա, ապա խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ զեկոյց ունեցան Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսերի եւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող` Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Փիթէր Էրտօ որ ներկայացուց սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը ու անոր պարունակութիւնը որ կը հանդիսանայ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու ուղեցոյցը։

Ապա տեղի ունեցան սիւնհոդոսական հայրերու միջամտութիւնները, աշխատանքային թղթածրարի առաջին գլխաւոր նիւթի մասին` ''Ընտանիքի մարտահրաւէրներու ունկնդրութիւնը'' որոնք կը շարունակուեցան երկուշաբթի յետմիջօրէի նիստերու ընթացքին (16,30 - 19,00), ապա երեքշաբթի` 6 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստերու ընթացքին (9,00 – 12,30)։

Երեքշաբթի 6 հոկտեմբերի նիստերը եւս սկիզբ առին ժամասացութեամբ։ Մինչ յետմիջօրէի նիստերու ընթացքին` խմբավարներու եւ փորձագէտներու ընտրութիւններէ ետք սկիզբ կ՛առնեն ''լեզուային խումբերու'' նիստերը որոնք կը շարունակեն քննարկել աշխատանքային թղթածրարի առաջին բաժնի նիւթերը.  Ընտանիքի մարտահրաւէրներու ունկնդրութիւնը։ Ընկերա -մշակութային շրջանակը. Մարդաբանական փոփոխութիւն`իշխանութիւններէն խուսափիլ. Իշխանական անկայունութիւնը. Անհատականութիւն եւ ենթակայականութիւն. Կենսաբանական եւ մշակութային երեւոյթներ։

Այս նիւթերու շուրջ բանավէճերը վերջ պիտի գտնեն ուրբաթ` 9 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, հաւաքի 4-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին, ''լեզուային խումբերու'' ներկայացուցած եզրափակիչ զեկուցումներով ապա ''լեզուային խումբերու'' յատուկ յանձնախումբի հաւաքով, շարադրելու համար աշխատանքային թղթածրարի առաջին բաժնի հայող վերջնական զեկոյցը։

Յայտնենք թէ, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, սիւնհոդոսի գումարման շրջանին նախատեսուած են մամլոյ ասուլիսներ սիւնհոդոսական հայրերու մասնակցութեամբ։ Երկուշաբթի  5 հոկտեմբերի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Կարդինալ Վէն Թրուա` Սիւնհոդոսի համանախագահ , Կարդինալ Պալտիսսերի Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար եւ գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղար։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին սիւնհոդոսական վերոնշեալ հայրերը լրագրողներուն հաստատեցին թէ սիւնհոդոսը ունի հովուական բնոյթ ու անոր ընթացքին չեն նախատեսուած եկեղեցւոյ վարդապետութեան քննարկումը կամ նոր տեսութիւններու ներմուծումներ այլ պարզապէս Եկեղեցւոյ դիմաց կայացած ժամանակակից մարտահրաւէրներուն` հովուական հոգատարութեան ուսումնասիրութիւնը, յատկապէս ի սպաս ընտանիքին։

Երեքշաբթի 6 հոկտեմբերի մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան` Քահանայապետական ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի նախագահ Գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա  Չելլի եւ Քանատայի առաջնորդ` Կարդինալ Լաքրուա։ Մամլոյ ասուլիսները կը վարէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի։

Յայտնենք որ  եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքներուն կարելի է հետեւիլ հետեւեալ կայքի միջոցաւ `http://synod15.vatican.va/








All the contents on this site are copyrighted ©.