2015-10-03 09:40:00

Սիւնհոդոսականութեան մասին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խօսքերէն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիւնհոդոսական հաւաքները չեն ծառայեր գեղեցիկ եւ ինքնատիպ գաղափարներու շուրջ վիճելու  կամ ալ հասկնալու թէ ո՞վ աւելի խելացի է։ Անոնք կը ծառայեն աւելի լաւ մշակելու եւ պահպանելու Տիրոջ Այգին, համագործակցելու համար Անոր երազին, Անոր սիրոյ ծրագրին իր ժողովուրդին համար'' ըսած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 5 հոկտեմբեր 2014-ին, Ընտանիքին նուիրուած արտակարգ սիւնհոդոսի բացումի սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ որուն մէջ ապա յորդորած էր ''աւելի լաւ մշակելու եւ պահպանելու Տիրոջ Այգին հարկ է որ մեր սրտերը մեր մտքերն ու մեր մտածումները պահպանուած ըլլան Յիսուսի Քրիստոսի մէջ, Աստուծոյ խաղաղութիւնը` որ կը գերազանցէ որեւէ իմաստութիւն։ (Ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի նիստերու բացման սուրբ պատարագ, 5 հոկտեմբեր 2014)

Մինչ սիւնհոդոսի  եզրափակիչ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնած էր ''Սիւնհոդոս կը նշանակէ ''միասին քալել'։ Արդարեւ աշխարհի ամէն վայրերէն Հովիւներ եւ աշխարհականներ Հռոմ բերին իրենց յատուկ եկեղեցիներուն ձայնը, օգնելու համար ժամանակակից ընտանիքները քալելու Աւետարանի ճանապարհին վրայ, հայեացքը ուղղակիօրէն յղելով Յիսուսին։ Մեծ փորձառութիւն մը ապրեցանք, որուն ընդմէջէն ապրուեցաւ սիւնհոդոսականութիւնն ու հաւաքականութիւնը եւ փորձարկեցինք Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը որ կ՛առաջնորդէ եւ միշտ կը նորոգէ իր Եկեղեցին, որ կանչուած է առանց յապաղումի, խնամելու արիւնոտ վէրքերը եւ վերակենդանացնելու յոյսը` բազմաթիւ այն անյոյս մարդոց մէջ։ (Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ` Ընտանիքի մասին գումարուած արտակարգ սիւնհոդոսին, 18  հոկտեմբեր 2014)։








All the contents on this site are copyrighted ©.