2015-10-03 09:48:00

Միացեալ Նահանգներու կոչը դադրեցնելու Սուրիոյ ընդդիմութեան դէմ օդային հարուածները


Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով Ռուսիոյ կոչ ուղղած են` դադրեցնելու Սուրիոյ ընդդիմութեան օդային հարուածներ հասցնելը եւ կեդրոնանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ:

Փաստաթուղթը տեղադրուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Թուրքիա, Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա «լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն» սուրիական տագնապին ռուսական միջամտութեան առնչութեամբ` յատկապէս Համա, Հոմս եւ Իտլիպ նահանգներուն մէջ ռուսական օդուժին հասցուցած հարուածներէն:

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի անդամներուն կարծիքով` այդպիսի գործողութիւնները կրնան յանգեցնել տագնապին հետագայ սրման եւ պատճառ դառնալ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականութեան տարածման:

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ ռուսական ռմբաձիգներ երէկ հարուածած ու քանդած են Հալէպի գիւղական շրջանին եւ Համայի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնատեղիները, ինչպէս նաեւ Մաարաթ Նուհմանի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող զինապահեստանոցներ: ՏԱՀԵՇ-ի կողքին անոնք հարուածած են նաեւ Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ժէյշ Ֆաթհի կեդրոններ:

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Ռաքքայի մէջ ռուսական հարուածներուն պատճառով ՏԱՀԵՇ շարք մը մզկիթներ դատարկած է եւ քաղաքին դէմ ռուս-սուրիական գործողութիւններուն սկիզբէն ի վեր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն շարքերէն մեծաթիւ զինեալներ դէպի Իրաք փախուստի դիմած են: Շրջանի բնակիչներ «Նաշրա»-ի յայտնած են, որ մեծ թիւով օտար զինեալներ Ռաքքայէն հեռացած ու դէպի Իրաք փախուստ տուած են, եւ քաղաքի թաղամասերուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն թիւը նկատառելի կերպով պակսած է:  Ռուսական օդուժը նաեւ հարուածած է Ժիսր Շուղուրի մէջ գտնուող դիրքեր:

Ռուսիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ մը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ օդային հարուածները պիտի տեւեն 3-4 ամիս, եւ անոնց յաճախականութիւնը պիտի ըլլայ մագլցողական կշռոյթով:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապին լուծման եւ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութիւններուն վերաբերող հարցերը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.