2015-10-03 09:41:00

Արդի Հայերէնի հիմնախնդիրներուն նուիրուած գիտաժողով


2015ի Նոյեմբեր 18ին եւ 19ին, Համազգային Հայ Կրթական Մշակութային Միութիւնը եւ Երեւանի Պետական համալսարանը կազմակերպած են գիտաժողով մը՝ նուիրուած արդի հայերէնի հիմնախնդիրներուն:
Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանիօրէն եւ արդիական չափանիշներով արժեւորել հայերէնի լեզուավիճակը, անդրադառնալ պետական լեզուաքաղաքականութեան, հայոց լեզուի տարածման, ներառեալ՝ լեզուի գործածութեան, պահպանման եւ զարգացման խնդիրները:
Գիտաժողովին մասնակցելու հրաւիրուած են Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն գիտնականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.