2015-10-03 09:09:00

Ամերիկեան Քոլեճի մը մէջ կրակոց ու զոհեր։


«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա զէնք կրելու իրաւունքին վերաբերեալ ամերիկեան օրէնքներու բարեփոխումը արգելափակելնուն համար այդ իրաւունքը պաշտպանող լոպիները մեղադրելով զայրացած յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կատարած են «քաղաքական ընտրութիւն» մը, որ կ՛արտօնէ զանգուածային սպանութիւնները, ինչպէս Օրեկոնի մէջ:

Օպամա Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու դիմաց մռայլ դէմքի արտայայտութեամբ եւ վրդովուած ձայնով կոչ ուղղած է ամերիկացի ընտրողներուն իրենց ղեկավարներէն քայլեր պահանջելու, եթէ կ՛ուզեն կանխարգիլել այդպիսի ողբերգութիւնները:

«Ասիկա քաղաքական ընտրութիւն մըն է, որ մենք կ՛ընենք` թոյլ տալ, որ ասիկա ամիսը անգամ մը կրկնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ», ըսած է Օպամա` Օրեկոնի քոլեճի ողբերգութենէն ետք իր արտասանած խօսքին մէջ:

«Մենք բոլորս պատասխան պէտք է տանք այն ընտանիքներուն, որոնք կը կորսնցնեն իրենց սիրելիները մեր անգործութեան պատճառով», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ասիկա սովորական բան դարձած է: Մահուան դէպքերու մասին հաղորդումները սովորական բան են: Մենք վարժուած ենք»:

Ան խոստացած է ազդել լոպիին վրայ` նշելով, որ զէնք կրելու մասին օրէնքները Միացեալ Նահանգներու մէջ պէտք է փոխուին` այդպիսի ողբերգութիւններէ խուսափելու համար:

Օրեկոն նահանգին մէջ կրակ բացուած էր մարդոց վրայ, այդ պատճառով ալ արձանագրուած էր 13 զոհ եւ 20 վիրաւոր: «Սի.Էն.Էն.»-ի աղբիւրներուն տուեալներով` իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները կ՛ուսումնասիրեն ընկերային ցանցերէն մէկուն վրայ ենթադրեալ յանցագործի` 26-ամեայ Քրիս Հարփըր Մերսերի եւ այլ մասնակիցներու խօսակցութիւնը:

Դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած է 3 ատրճանակ եւ հրացան, որ, ենթադրաբար պատկանած է յանցագործին: «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ դէպքին նախօրէին մարդասպանը հաղորդած էր հրացանաձգութիւն կատարելու իր ծրագիրին մասին: Ընկերային ցանցի մը որոշ մասնակիցներ խորհուրդներ տուած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աւելի լաւ ընել եւ ի՛նչ զէնք օգտագործել: Անոնք ենթադրեալ յանցագործը «խղճուկ անյաջողակ» կոչած են:

Իր հաղորդագրութեան մէջ ենթադրեալ մարդասպանը գրած է. «Ասիկա միակ կարելիութիւնս է թերթերու մէջ յայտնուելու համար: Ես այնքան ոչնչացուած եմ»:

Տեղական թերթերէն «Նիուզ Ռիվիու Թուտէյ»-ը յղում կատարելով դէպքի ականատեսներէն մէկուն հաղորդած է, որ յանցագործը հետաքրքրուած է, թէ ի՛նչ կրօնի կը պատկանին զոհերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.