2015-10-02 09:49:00

Վարչապետ Սալամի ելոյթը ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ


ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան իբրեւ միջազգային ընտանիքի լիիրաւ անդամ անշեղ կը մնայ իր պարտաւորութիւններէն եւ կը գործէ ՄԱԿ-ի ուխտին համաձայն` յարգելով խաղաղութիւնը, իր ճակատագիրը ինքնուրոյն կերպով որոշելու ժողովուրդին իրաւունքը, մարդկային իրաւունքներն ու ազատութիւնները:

Վարչապետ Սալամ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն բարձրացուց խեղդամահ դարձած եռամեայ սուրիացի գաղթական Այլանի լուսանկարը` շեշտելով, որ այդ մէկը կը ներկայացնէ Սուրիոյ եւ գաղթականներուն իրավիճակը` կոչ ուղղելով միջազգային ընտանիքին լուծելու Սուրիոյ տագնապը` կասեցնելով պատերազմը:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը տնքայ սուրիացի գաղթականներուն պարտադրած բեռին տակ` աւելցնելով, որ եթէ Եւրոպա իր հսկայ կարողութիւններով շփոթի մատնուած է սուրիացի հազարաւոր գաղթականներուն դիմաց, ապա Լիբանան իր փոքր տարածքով եւ սահմանափակ կարողութիւններով չորս տարուան ընթացքին մէկուկէս միլիոն գաղթական կը հիւրընկալէ, ինչ որ Լիբանանի բնակչութեան թիւին մէկ երրորդը կը կազմէ:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ամէն իմաստով շարունակելու ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը: «Լիբանանը պաշտպանել կը նշանակէ պաշտպանել Արեւելքի մէջ բազմազանութեամբ հարուստ կարեւորագոյն օրրանը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է այդ բանաձեւին գործադրութեան` դարձեալ պահանջելով միջազգային ընտանիքէն ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ վերջ տայ իր ոտնձգութիւններուն:

Վարչապետ Սալամ վերահաստատեց նաեւ, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը եւ անհրաժեշտ կը գտնէ անոնց տունդարձի իրաւունքին գործադրութիւնը:

Ան եզրափակեց իր խօսքը` կոչ ուղղելով աշխարհին վերաստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը եւ շրջանին վերադարձնելու ապահովական իր կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մթնոլորտը իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ կառավարութեան եւ քաղաքական ուժերուն գործելաոճին վրայ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.