2015-10-02 08:48:00

600 Չինացի երիտասարդներ մասնակցեցան Հայածէս Սուրբ Պատարագի արարողութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Սիտնեյի հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներու հովիւ Հայր Բարսեղ Սուսանեան վերջերս գտնուած է Չինաստանի Մայրաքաղաք՝ Հոն Քոնկ,  ուր տեղւոյն Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարին մէջ,  Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ  մատուցած է հայկական ծէսով  որուն մասնակցած են, պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, Չինացի աւելիք քան 600 երիտասարդ հաւատացեալներ ու մի քանի հայորդիներ։

Հայկական ծէսով Սուրբ պատարագի արարողութիւնը կատարուած է  Չինարէն Լեզուի թարգմանութեամբ եւ կարգ մը հայկական շարականներու երգեցողութեամբ ըլլայ հայերէն ըլլայ չինարէն լեզուով։

Չինաստան կատարած այս այցելութեան ծիրէն ներս, Հայր Բարսեղ Սուսանեան ներկայացուցած է երկու դասախօսութիւններ մին Հայոց Պատմութեան մասին իսկ երկրորդը  Հայ ծէսի եւ համամիութենական շարժումի մասին։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.