2015-10-01 12:53:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Հաւատքը


Սուրբ Գրիգոր Նաերկացի, Մատեան Ողբերգութեան 34րդ գլխուն մէջ ունի շատ գեղեցիկ հաւատոյ դաւանութիւն մը, բաղկացած 13 մասերէ։ Այսօրուան հաղորդումին մէջ յառաջ կը բերենք այդ գլխուն երկրորդ մասը։ Եկեղեցւոյ պատմութեան, մէջ Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը եւ վարդապետութիւնը ստէպ եղած է վէճերու եւ բաժանումներու արդիւնք։ Հայ Եկեղեցին հաւատարիմ մնացած է Սուրբ Երրորդութեան ճշմարիտ եւ ուղիղ հաւատքին։ Այս իրականութիւնը իր արտայայտութիւնը կը գտնէ Հայ Եկեղեցւոյ աղօթքներուն, շարականներուն, աստուածաբանական գրականութեան եւ հոգեւոր արուեստի մէջ։

Կասկած չկայ, որ Գրիգոր Նարեկացիի երկերը հայ եկեղեցական կամ աստուածաբանական գրականութեան մէջ ամենացայտուն եւ հեղինակաւոր գրութիւններէն են։ Անոր երկերուն մէջ բազմիցս կը կարդանք Սուրբ Երրորդութեան մասին։

Մատեան Ողբերգութեան 34րդ գլխուն երկրորդ մասը ուղղուած է Սուրբ Հոգիին, որ մեզ կը լուսաւորէ, մեզի աստուածային խորհուրդները կը ներշնչէ, մեր հոգին եւ սիրտը կը մաքրէ՝ լսելու եւ ընդունելու ճշմարտութիւնը։

Ապա, երրորդ մասին մէջ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը ներկայացնէ Նիկիական Հանգանակը, որուն մասին պիտի խօսինք յաջորդիւ։

Ահա Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերը՝

“Կ’աղաչեմ, քու անփոփոխելի հզօր տէրութեանդ, ամենազօր Սուրբ Հոգի,

Քու քաղցրութեանդ ցօղը առաքէ ինծի

Բարութեամբդ՝

Քու բազմապարգեւ ողորմութեանդ ամենալից շնորհքը

Ներգործէ հոգւոյս եւ ինքնիշխան մտքիս մէջ,

Որ կը կառավարէ զգայարանքներս։

Հերկէ կարծրացած մարմնեղէն սրտիս բնական անդաստանը՝

Որպէսզի ընդունակ ըլլայ հոգեւոր սերմեր պտղաբերելու։

Կը խոստովանինք, որ քու ամէնիմաստ էութեամբդ է,

Որ մեր մէջ բոլոր պարգեւները կը ծաղկին եւ կ’աճին։

Դուն, որ կը ձեռնադրես առաքեալները, կը ներշնչես մարգարէները,

Կ’ուսուցանես վարդապետները,

Կը խօսեցնես համրերը, կը բանաս խուլերուն ականջները.

Ինչպէս քու ազգակիցդ՝ Հօր էակից անդրանիկ Որդին,

Քու գործակցութեամբդ ներգործելով այս բոլորը,

Քեզ հռչակեց իբր Աստուած՝ Հօր իսկութեան հաւասարակից։

Շնորհէ ինծի մեղաւորիս, որ համարձակութեամբ քարոզեմ

Աւետարանիդ բարի լուրին կենդանարար խորհուրդը՝

Մտքի առաքաթռիչ ընթացքով,

Քոյինաշունչ կտակարանի անհուն տարածութիւններուն վրայ։

Եւ երբ ձեռնարկեմ հանդիսական մեկնաբանութեան՝

Քու գթութիւնդ թող հասնի իմ գլխուս վրայ,

Պատշաճ ժամանակին ինծի ներշնչելով արժանը, պիտանին եւ Քեզի հաճելին,

Քու փառքիդ եւ աստուածութեանդ գովեստին,

Եւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շինութեան լրումին համար։

Երկարէ իմ վրաս ամենամերձ քու աջդ

Եւ զօրացուր զիս քու գթութեանդ շնորհքով,

Փարատէ իմ մտքէս մոռացութեան մթութեան մէգը՝

Պարզելով նոյնպէս մեղքի խաւարը,

Որպէսզի այս երկրաւոր կենցաղէս՝

Մտքի զօրութեամբ վերանամ դէպի բարձունքները։

Լուսաւորէ իմ մէջս քու Աստուածութեանդ հրաշալի

Գիտութեան անստուեր ծագումը, ով հզօր.

Որպէսզի արժանը ըլլամ գործելու եւ ուսուցանելու,

Աստուածասէր լսողներուն՝ իբր բարի օրինակ։

Եւ Քեզի ամենայն փառք

Ամենակալ Հօր եւ Միածին ու բարերար Որդւոյն հետ

Այժմ եւ անվերջ յաւիտենականութեան մէջ”։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.