2015-09-13 12:11:00

Տօն Վերացման Սրբոյ Խաչին։ Խաչվերաց - (Յովհ 3, 13-21)


Հայ Եկեղեցին այսօր կը տօնէ Խաչվերացը կամ Վերացումն Սրբոյ Խաչին։ Հայ ծէսի հինգ տաղաւար տօներէն մին է։ 630 թուականին Քրիստոսի խաչը ազատագրուելով պարսիկներու ձեռքէն, մեծ փառքով, տօնախմբութիւններով եւ յաղթական թափօրներով կը վերադարձուի Բիւզանդիոն։ Այդ թուականէն սկսեալ, քրիստոնեաներ ամէն տարի կը յիշատակեն այդ փառաւոր ազատագրումը։

Ինչու՞ համար Քրիստոսի խաչը այնքան կարեւոր էր քրիստոնեաներու համար։ Ինչու՞ համար խաչի պաշտամունքը քրիստոնէութեան մէջ այնքան խոր արմատներ ձգած է, իսկ հայ Եկեղեցւոյ մէջ մէկէ աւելի խաչի տօներ ունինք։

 

Պահ մը մեր ուշադրութիւնը ուղղենք դէպի ետ, երկու հազար տարիներ ետ։ Մեր ականջներուն պիտի հնչեն հարցումներ՝ “ի՞նչպէս կարելի է, որ խայտառակութիւն մը հպարտանքի առիթ դառնայ, ի՞նչպէս կրնայ ամօթալի պարտութիւն մը յաղթանակ հռչակուիլ, ի՞նչպէս կրնայ մահ մը վերածնունդ եւ յաւիտենական կեանք նշանակել, ի՞նչպէս կրնայ առանձին լքուած մը, կախուած խաչէն՝ բիւրաւոր հաւատացողներ իրեն քաշել, ի՞նչպէս կրնայ դատապարտեալ յանցագործ մը անմեղութեան խորհրդանիշ ըլլալ, ի՞նչպէս տառապանքը կրնայ ուրախութեան առիթի վերածուիլ, ի՞նչպէս կրնայ խոշտանգումի գործիք մը՝ յոյսի, բուժումի, փրկութեան եւ սիրոյ խորհրդանիշ ըլլալ”։

 

Մօտ երկու հազար տարիներ առաջ գայթակղած հրեաներ, եւ զարմանքով լի հեթանոսներ այս հարցումները կ’ուղղէին Յիսուսի առաքեալներուն, աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն, որոնք զարմանալի նոր կրօնքի մը կը հետեւէին։ Ո՞ր մէկ կրօնքի հիմնադիրը դիտաւորեալ եւ կամաւոր կերպով իր հետեւորդներուն պիտի ձգէր ամօթ եւ խայտառակութիւն։ Ո՞ր մէկ կրօնքի հիմնադիրը իր հետեւորդներուն կոչ պիտի ուղղէր՝ չարչարանքի գործիք մը իրենց ուսերուն վրայ առնել ամէն օր։ Մանաւանդ որ այդ կրօնքի հիմնադիրը ինքզինք Աստուծոյ որդի կ’անուանէր ...

Հրեաներուն համար գայթակղութիւն եւ հեթանոսներուն՝ յիմարութիւն։ Հրեայ հաւատացեալը կը գայթակղէր, որովհետեւ չէր կրնար պատկերացնել, որ Աստուծոյ ծառայ մը, կամ ինքզինք Աստուծոյ Որդի անուանող մը այդպիսի ամօթով վերջանար։ Իսկ հեթանոսները՝ յիմարութիւն կը տեսնէին, որովհետեւ իրենց համար հպարտանքի առիթ էին միայն գերբնական ոյժերու ենթարկուիլ, եւ ոչ յանցագործի մը։ Հեթանոսներուն համար հպարտանքի առիթ էին հերոսներ։ Իսկ հերոսը յաղթանակող անձ մըն է, եւ կամ եթէ մահացած՝ գոնէ պատերազմի դաշտի վրայ։ Իսկ այդ Յիսուսը՝ խայտառակութեամբ մահացած էր։

Յիսուսի չարչարանքներն ու մահը նոյնիսկ առաքեալներուն համար գայթակղութիւն էին, երբ անոնք տակաւին Յիսուսի յարութեան վկաները չէին եղած, տակաւին Սուրբ Հոգին չէին ընդունած։ Երբ Պետրոս Առաքեալ կը փորձէ Յիսուսը համոզել թէ հեռու մնայ չարչարանքի եւ մահուան գաղափարներէն կամ ծրագիրներէն, խիստ յանդիմանութիւն կ’ընդունի Քրիստոսի կողմէ։ Պետրոս Առաքեալի խօսքերը լոկ մտահոգութիւն չէին, եւ ոչ ալ շողոքորթութիւն։ Ան, իր հրէական կրօնքի վրայ հիմնուած հաւատքով, չէր կրնար պատկերացնել որ Աստուծոյ Որդին կրնայ չարչարուիլ եւ սպաննուիլ։

 

Եւ սակայն այդ գայթակղութիւնը, ամօթը, խայտառակութիւնը եւ պարտութիւնը՝ Քրիստոսի հետեւորդներուն համար, երկու հազար տարի շարունակ եղաւ յոյսի, զօրութեան, լոյսի, ճշմարտութեան եւ կեանքի աղբիւր։

 

Մենք մեզ կը խաչակնքենք՝ իբր նշան մեր պատկանելիութեան, մեր ինքնութեան։ Իսկ պատկանելիութիւն քրիստոնեայի համար կը նշանակէ՝ Քրիստոսի պատկանիլ, կը նշանակէ Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն մաս կազմել։ Մկրտութեան խորհուրդով մենք կ’ընդունինք այդ ինքնութիւնը։ Մեր անձը յաւիտենապէս կը դրոշմուի, կը կնքուի այդ ինքնութեամբ։

Մենք մեզ կը կոչենք խաչապաշտ ժողովուրդ։ Խաչապաշտ կը նշանակէ քրիստոսապաշտ։ Այն անձը, որ խաչը կ’առնէ իբր լոկ նիւթական խորհրդանիշ, կամ հմայիլ մը, կամ բախտաբեր զարդ՝ առանց Քրիստոսի, առանց Անոր հետեւելու, առանց անոր Աւետարանին վկայ ըլլալու՝ չի կրնար ինքզինք քրիստոնեայ կոչել։

Քրիստոնէական կեանքը, քրիստոնեայի ինքնութիւնը՝ մտերմութիւն եւ ապրում է Քրիստոսի անձին հետ, Անոր խօսքերուն եւ կեանքի օրինակի հետեւողութեամբ։

Արդ, խաչը մեզ նախ կը կ’ուղղէ այդ ճանապարհին վրայ, որ Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ։ Սուրբ Խաչը մեզ կը յորդորէ ընթանալ այդ ճանապարհին վրայ հետեւողականութեա´մբ։ Քրիստոնէական կեանքի հետեւողականութիւն կը նշանակէ ապրիլ Սուրբ Աւետարանը իր ամբողջութեամբ, առանց բաց թողելու մասեր, որոնք մեզ կրնան չհամոզել։ Քրիստոնէական կեանքի հետեւողականութիւն կը նշանակը հաւատարմութիւն Սուրբ Աւետարանի վարդապետութեան։

Սուրբ Խաչը մեզի կը յիշեցնէ այն տառապանքները, որոնք Յիսուս մե՛ր փրկութեան համար կրեց, մե՛ր մեղքերուն պատճառով։

Խաչը մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք փրկուած ենք մահէ եւ դատապարտութենէ։

Խաչը մեզի կը յիշեցնէ, որ Յիսուս Աստուծոյ անսահման սիրոյն մարմնացումն է։

Հայ հաւատացեալի աղօթքներուն մէջ Սուրբ Խաչը կը յիշուի իբր ապաւէն, պահպանիչ, փրկութիւն, կենարար, որ մեր աղաչանքները Աստուծոյ կը մատուցանէ։

Հայ հաւատացեալին որքան ընտանի կը հնչեն այս աղօթքները, երբ զանոնք կը լսենք եկեղեցւոյ մէջ եւ կամ երբ առանձին կամ հասարակութեան մէջ աղօթենք՝ «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն Տէր Յիսուս», «Պահպանեա զժողովուրդս քո ընդ հովանեաւ սուրբ եւ պատուական խաչիւդ քո ի խաղաղութեան», «Սուրբ Խաչիւս աղաչեսցուք զՏէր», «Վասն Խաչի քո պատուականի ընկալ զաղաչանս մեր», «Խաչն կենարար որ եղեւ մեզ փրկութիւն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.