2015-09-04 10:06:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի ողջոյնը Արկենթինայի եբրայական համայնքին


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին իր ողջոյնը յղած է Արկենթինայի եբրայական համայնքին Ռոշ Հաշանա (ամանոր, 14-15 սեպտեմբեր) եւ Եոմ Քիփուր (բոլոր արարծներու դատաստանը Աստուծոյ կողմէ, 22-23 սեպտեմբեր) տօներուն առիթով։ Ողջոյնը ուղղուած է Աբրահամ Սքորքա Րաբբունիին։

Ֆրանչիսկոս Պապը կ’ընդգծէ, թէ Եոմ Քիփուր առիթ մըն “ինքնաճանաչում” կատարելու։ Ան կը շնորհաւորէ եբրայական համայնքի բոլոր անդամները ըսելով՝ “Աղօթքի եւ խոկումի միջոցաւ պիտի կարողանաք բարձրացնել ձեր էութիւնը մինչեւ այն աստիճան՝ ուր աւելի լաւ իրականութեան մը կառուցման նշանակալից ներդրում մը մատուցանէք։ Թող Տէրը ընդունի ձեր աղօթքները եւ ձեզ բոլորդ օրհնէ իր մեծ ողորմութեամբ։ Յիշեցէք զիս ներկայ պահել ձեր աղօթքներուն մէջ, ինչպէս ես կ’ընեմ ձեզի համար”։








All the contents on this site are copyrighted ©.