2015-09-04 11:04:00

Քուպայի ժողովուրդին յոյսը պիտի վերարծարծուի Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կուանթանամոյի Եպիսկոպոս՝ Վիլֆրետօ Փինօ Էսթէվէզ յայտարարած է, թէ Քուպայի ժողովուրդին յոյսը պիտի վերարծարծուի Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեամբ։ Սրբազան Քահանայապետը 19-22 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Քուպա։ Եպիսկոպոսը իր պատգամին մէջ կը վերակոչէ Ս. Աթոռի միջամտութիւնը՝ վերահաստատելու երկխօսութիւնը ԱՄՆի եւ Քուպայի միջեւ։ Ս. Աթոռի դիւանագիտական աշխատանքը կը մտի հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու ժողովուրդներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.