2015-09-04 10:36:00

Կրեկորիոս Գ Լահհամ Պատրիարքի կոչը ՝ “Մնացէք, համբերեցէք, մի գաղթէք”


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Մնացէք, համբերեցէք, մի գաղթէք հանդերձ՝ բոլոր դժուարութիւններուն՝՝։Այս եղաւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ Մելքիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Կրեկորիոս Գ. Լահհամի կոչը՝ ուղղուած Սուրիոյ երիտասարդներուն։

՝՝Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ՝՝ եկեղեցական բարեսիրական հաստատութեան ուղղուած նամակի մը մէջ, Պատրիարք Լահհամ խստիւ դատապարտած է Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքէն անթիւ երիտասարդներու գաղթականութեան երեւոյթը, պատկերացնելով զայն որպէս Թսունամի մը, որ կը սպառնայ Միջին Արեւելքի համայն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն գոյատեւման։

“Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ” հաստատութեան յղած նամակի աւարտին Մելքիթներու համայնքապետը հարց տուած է թէ ՝՝ո՞րն է Եկեղեցւոյ ապագան, ո՞ր մէկն է մեր այսօրուայ հայրենիքը, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հաստատութիւններուն ու ժողովրդապետութիւններուն վերջը։

Յիշենք, թէ Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն՝ 2011 թուականէն ի վեր, “Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ” հաստատութիւնը նուիրած է աւելի քան 7 միլիոն եւրօ, Սուրիացի քրիստոնեաներու զօրակցութեան ի նպաստ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.