2015-09-04 11:35:00

ԱՄՆի Ժողովրդավարական Երեսփոխաններու նամակը Ֆրանչիսկոս Պապին


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու Տան 96 Ժողովրդավարական երեսփոխաններ նամակ մը ուղղած են Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։ Գրութեան մէջ երեսփոխանները կը խնդրեն որ Սրբազան Հայրը, ԱՄՆի Քոնկրեսի ուղղելիք սեպտեմբեր 24ի պատգամին մէջ յատուկ ուշադրութիւն շնորհէ հրատապ հարցերու, ինչպէս՝ նուազագոյն աշխատավարձի, անօթութեան եւ կլիմայական փոփոխութեան։ Օգոստոս 12 թուակիր խնդրագիրը նոր երեւան եկած է։ Ստորագրեալները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Սրբազան Պապին՝ որ յիշեցուցած է Եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուացման կարեւորութիւնը։ Միաժամանակ, անոնք ապահովցուցած են իրենց աջակցութիւնը “Գովեալ ըլլաս” շրջաբերականի նպատակներու իրականացման ի նպաստ։

Նամակին մէջ կը յիշուի, թէ ԱՄՆը կը գտնուին վիճակի մը մէջ, ուր ժողովուրդը կը պայքարի բազմաթիւ տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներու դէմ։ Ստորագրեալները իբր օրինակ կը յիշեն առողջապահութեան քաղաքականութիւնը, ունեւորներու եւ աղքատներու միջեւ աճող ճեղքը, կլիմայական փոփոխութիւնը, ներգաղթումը եւ աճող ցեղային լարուածութիւնները։ Ռոզա Տէ Լաուրօ երեսփոխանի կողմէ հրապարակուած նամակը կը խնդրէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն, որ իր խօսքին մէջ արտայայտուի այս հարցերուն շուրջ։

Սրբազան Պապը 22 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Քուպա եւ ապա ԱՄՆ։ Հինգ օրուան իր այցելութեան առիթով­­՝ ան պիտի գտնուի Ուաշինկթոն, Նիւ Եորք եւ Ֆիլատելֆիա. Սպիտակ Տան մէջ պիտի հանդիպի նախագահ Օպամայի, եւ իր պատգամ պիտի ուղղէ ԱՄՆի Քոնկրեսին եւ ՄԱԿի առաջ։ Այցելութիւնը պիտի աւարտի 27 սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիայի մէջ Ընտանիքներու Միջազգային հաւաքի առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.