2015-09-03 09:26:00

Հնդկաստանի Օրիսա նահանգի եպիսկոպոսները կը հիմնեն ‘’Նահատակաց օր’’։


(Ռատիօ Վատիկան) Հնդկաստանի Օրիսա նահանգի եպիսկոպոսները միասնաբար վճռած են հաստատել‘’Նահատակաց օրը’’, նուիրելով զայն, 25 Օգոստոս 2008-ին,  Քանտամալ մարզի մէջ , քրիստոնեաներու դէմ կատարուած ջարդին, որուն ընթացքին քանդուած են 350 եկեղեցիներ ու աղօթավայրեր։ Օրիսա նահանգի եպիսկոպոսները խնդրանք ներկայացուցած են Հնդկաստանի Եկեղեցւոյ, որպէսզի սոյն օրը դառնայ քրիստոնեայ նահատակներու ազգային օր։








All the contents on this site are copyrighted ©.