2015-09-03 08:44:00

Հայր Տէյվիտ Նազար՝ Քահանայապետական Արեւելագիտական Համալսարանի նոր Տնօրէն


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսեան կրօնաւոր, Հայր Տէյվիտ Նազար, ծնած 1952ին, անուանուած է տնօրէն Քահանայապետական Արեւելագիտական Համալսարանի։ Հայր Նազար, որ բիւզանդածէս քահանայ է, ունի ուքրանական ծագում եւ քանատական հպատակութիւն։ Ան, բացի իր ուսումնական կեանքէն, գործած է նաեւ հովուական եւ ընկերային մարզերէ ներս։

Քահանայապետական Արեւելագիտական Համալսարանը իր ծրագրին մէջ ունի նաեւ հայերէն լեզուի եւ հայ եկեղեցւոյ ծիսագիտութեան, կանոնագիտութեան եւ հայրաբանութեան դասընթացքներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.