2015-09-03 08:56:00

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան զոյգ վարժարաններու արձանգրած յաջողութիւնները


Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու 108 աշակերտներ յաջողեցան պետական քննութիւններուն. Յաջողութեան համեմատութիւնը՝ 92.31 առ հարիւր։

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններուն տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ զոյգ վարժարաններու աշակերտները փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին 2014-2015 տարեշրջանին պրէօվէի, Բ. պաքալորէայի եւ թեքնիքըլ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն: Քննութիւններուն ներկայացան ընդհանուրը 117 աշակերտներ, որոնցմէ 108-ը  յաջողեցան, զոյգ վարժարաններու յաջողութեան խառն համեմատութիւնը հասցնելով 92.31 առ հարիւրի:

Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացան 33 աշակերտներ, որոնցմէ 31-ը յաջողեցան. պրէօվէի քննութիւններուն ներկայացան 22 աշակերտներ, որոնցմէ 19-ը յաջողեցան: Պրէօվէի յաջողութեան համեմատութիւնը կազմեց 86.36 առ հարիւր, Բ. պաքալորէայինը՝ 93.94 առ հարիւր:

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանէն պետական քննութիւններուն ներկայացան BP, BT եւ TS դասարաններու 62 աշակերտներ, որոնցմէ 58-ը յաջողեցան, հաստատելով յաջողութեան 93.55 առ հարիւր համեմատութիւն:

Մեսրոպեան զոյգ վարժարաններու տնօրէնութիւնը այս յաջողութեան առիթով կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին համար:

Տնօրէնութիւն

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու








All the contents on this site are copyrighted ©.