2015-09-02 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 2ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութեամբ ընդունեց բազմահազար ուխտաւորներ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։ Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը խորացաւ ընտանիքի պարտականութեան վրայ՝ փոխանցելու հաւատքը։

Հակասական կը թուի մեզի Սուրբ Աւետարանի խօսքը՝ “Այն որ իր հայրը եւ կամ մայրը ինձմէ աւելի կը սիրէ, արժանի չէ ինծի. այն որ իր որդին կամ դուստրը ինձմէ աւելի կը սիրէ, արժանի չէ ինծի”։ (Մտթ Ժ. 37-38) Բնական է, որ Յիսուս չորրորդ պատուիրանը չի ջնջեր։ Չէ կարելի նաեւ մտածել, թէ Յիսուս՝ Կանայի մէջ իր առաջին հրաշքը կատարելէ, այր մարդու եւ կնոջ կապը սրբագործելէ եւ որդիներ ու դուստրեր ընտանիքի մէջ վերահաստատելէ ետք, մեզմէ պահանջէ անզգայ ըլլալ ընտանեկան յարաբերութիւններու հանդէպ։

Ընդհակառակը, Յիսուս կը հաստատէ հաւատքի առաջնահերթութիւնը առ Աստուած՝ բերելով ընտանիքի օրինակը։ Չէ կարելի աւելի նշանակալից օրինակ մը գնել, քան ընտանեկան գորովը։ Ընտանիքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերը հաւատքի եւ Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը փոխակերպուին, կը լիցքաւորուին գերագոյն իմաստով մը, եւ կարող կը դառնան գերազանցելու իրենց անձները, ստեղծելու համար աւելի համատարած հայրութիւն եւ մայրութիւն, եւ ընդունելու նաեւ լուսանցքի վրայ գտնուող անհատները՝ իբր եղբայրներ եւ քոյրեր։

Մտերմութեան իմաստութիւնը կարելի չէ գնել կամ վաճառել. ան ընտանեկան հանճարի պտուղն է։ Անոր “քերականութիւնը” միայն ընտանիքի մէջ կարելի է սորվիլ։ Եւ այս խորհուրդով է նաեւ, որ Աստուած ինքզինք կը յայտնէ։

Ընտանեկան կապերը դնել հնազանդութեան, հաւատքի եւ Տիրոջ հետ միութեան մէջ, չի ճնշեր ընտանիքին վրայ, այլ ընդհակառակը՝ կը պաշտպանէ, կ’ազատէ անձնասիրութենէ, կը պաշտպանէ զայն անկումէ, զայն ապահով կերպով կը հասցնէ անմահ կեանքի։

Ընտանեկան յարաբերութիւններու օրինակը՝ կիրարկուած մարդկային յարաբերութիւններու մէջ՝ ժողովուրդներուն համար օրհնութիւն է եւ յոյս կը բաշխէ երկրի վրայ։ Երբ ընտանեկան մտերմութիւնը մեզ Աւետարանի վկայութեան մղէ՝ մենք կարող կը դառնանք աներեւակայելի բաներու։

Ապա Սրբազան Պապը կեանքէն առնուած օրինակներ բերելով, յիշեցուց, թէ որքան գեղեցիկ կրնայ ըլլալ գոհունակութեան ժպիտ մը կամ ցուցաբերուած զոհողութիւն մը։

Այն ընտանիքը, ըսաւ ան, որ Յիսուսի կոչին կ’ընդառաջէ՝ աշխարհի կառավարումը կը յանձնէ այր մարդու եւ կնոջ միջեւ գոյացած միութեան։ Պատկերացուցէք, որ պատմութեան ղեկը (ընկերութեան, տնտեսութեան, քաղաքականութեան) յանձնուի ընտանիքին, այր մարդու եւ կնոջ միջեւ եղած միութեան, որպէսզի անոնք կառավարեն զայն՝ իրենց հայեացքը ուղղելով գալիք սերունդին։ Այդ պարագային երկրի, տան, տնտեսութեան եւ գործի խնդիրները տարբեր երաժշտութեամբ պիտի հնչէին։

Եթէ գլխաւոր դերակատարութիւնը յանձնենք ընտանիքին, որ ան լսէ Աստուծոյ խօսքը եւ զայն գործնականի վերածէ՝ այդ պարագային կը վերածուինք նոր գինիի՝ ինչպէս Կանայի հարսանիքի ժամանակ, եւ կը խմորենք իբր աստուածային թթխմոր։

Ընտանիքի եւ Աստուծոյ միութիւնը կոչուած է այսօր հակասելու արդի քաղաքի ընկերային անապատացումին։ Ոչ մէկ տնտեսական կամ քաղաքական ճարտարագիտութիւն կարող է փոխարինել ընտանիքը։ Բաբելոնի ծրագիրը կը կառուցէ երկնաքերեր՝ առանց հոգիի. մինչ Աստուծոյ Հոգին կը ծաղկեցնէ անապատն իսկ (հմմտ. Ես ԼԲ. 15)։ Պէտք է դուրս գանք վերնախաւի զրահաւորուած աշտարակներէն եւ սենեակներէն, վերստին յաճախելու համար տուներն ու բազմութեան առաջ բացուած տարածութիւնները։

Շնորհապարգեւներու հաղորդութիւնը, որ տրուած է պսակի խորհուրդին մէջ եւ Աստուծոյ Արքայութեան նուիրեալ կեանքի մէջ, նախատեսուած է՝ Եկեղեցին փոխակերպելու եւ վերածելու Աստուծոյ հանդիպելու ընտանեկան միջավայրի մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.