2015-09-02 10:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց արարչութեան խնամքի աղօթքի միջազգային օրուան արարողութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 5,00ին, Վատիկան Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ յատուկ աղօթքի ժամ կատարուեցաւ Արարչութեան Խնամքի Աղօթքի Միջազգային Օրուան առիթով։ Աղօթքին նախագահեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Այս առթիւ, Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսա՝ քարոզիչ Քահանայապետական տան, իր արտասնած քարոզին մէջ խօսեցաւ մարդ արարածի պատասխանատուութեան շուրջ։ Աստուած արարչութեան սկիզբէն մարդուն յանձնեց երկիրը խնամելու, երկրին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը (Ծննդ Ա. 28)։

Հայր Քանթալամեսսա ընդլայնելով պատասխանատուութեան այս խորհուրդը՝ բացատրեց, որ Սուրբ Գրքի յիշեալ հատուածին մէջ «տիրել» բառը կը գործածուի, որ իշխելէ աւելի տէր կենալ, հոգ տանիլ եւ պահապան ըլլալ կը նշանակէ։

Յիշեցնելով Նոր Կտակարանի «տաղանդ» դրամներու առակը, քարոզիչ Հայրը երկրագունդը նկատել տուաւ իբր «տաղանդ» յանձնուած է մարդուն։ Հետեւաբար մարդ արարածը պատասխանատու է Աստուծոյ առաջ։

Բնութեան մէջ կայ որոշ նուիրապետական կարգ մը՝ սկսեալ անկենդան նիւթէն, որ կը ծառայէ բոյսերու աճումին, ապա բոյսեր, որոնք կը ծառայեն անասուններուն իբր սնունդ եւ անասուններ։ Աստուած այս բոլորը դրած է մարդ արարածի տրամադրութեան տակ։ Այս նուիրապետական կարգը կը ծառայէ կենաքի եւ ոչ հակառակ կեանքի։

Հայր Քնաթալամեսսա ապա անդրադարձաւ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ յիշուած Քրիստոսի խօսքերուն՝ «մի մտահոգուիք վաղուան համար, որովհետեւ վաղուան օրը իր հոգերն ունի» (Մտթ Զ. 25-34)։ Մեկնելով այս խօսքերը, քարոզիչը շեշտեց, թէ Քրիստոս կ՝ուզէ որ մեր յոյսը դնենք Աստուծոյ վրայ եւ ոչ թէ ագահօրէն կառչինք հարստութիւններու։ Հարստութիւնը ինքնին վատ չէ, Յիսուս չի դատապարտեր զայն։ Սակայն անիրաւօրէն  դիզուած հարստութիւնը Սուրբ Աւետարանին համար դատապարտելի է։

Վերջապէս, Հայր Քանթալամեսսա լայնօրէն անդրադարձաւ Սուրբ Փրանկիսկոս Ասսիզացիի կեանքին եւ ուսուցումին։ Եզրափակելով քարոզը ան ըսաւ «Սուրբ Փրանկիսկոս իր մահէն քանի մը շաբաթ առաջ իր արարածներու նուիրուած երգին վրայ կ՝աւելցնէ նոր տուն մը հետեւեալ խօսքերով Գովեալ ըլլաս, Տէր իմ՝ անոնց համար, որոնք Քու սիրոյդ համար կը ներեն։ Կը կարծեմ թէ, եթէ Սուրբ Փրանկիսկոս Ասսիզացի այսօր ապրէր, հետեւեալ տողերն ալ պիտի աւելցնէր իր երգին վրայ՝ Գովեալ ըլլաս, Տէր իմ՝ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՝աշխատին պաշտպանելու մեր քոյրը՝ մայր երկիրը՝ գիտնականներ, քաղաքական մարդիկ, բոլոր կրօնքներու պետերը եւ բարի կամք ունեցող մարդիկ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.