2015-09-02 13:07:00

Միջկրօնական հանդիպում՝ ի սպաս խաղաղութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Սան Էճիտիոյի հաստատութեան տարեկան միջկրօնական ժողովը այս տարի տեղի կ’ունենայ Թիրանայի մէջ (Ալպանիա), 6-8 սեպտեմբերին։ Ժողովը կը մեկնի “Խաղաղութիւնը միշտ կարելի է” բնաբանին տակ։ Այս առթիւ պիտի ներկայացուին եւ բանակցութեան ու քննարկման նիւթ պիտի ըլլան զանազան հարցեր, ինչպէս՝ բարգաւաճում, կենսոլորտ, ընկերային անհաւասարութիւն, պատերազմներու պատճառած ողբերգութիւնը եւ գաղթականներու հոսքը դէպի Եւրոպա։ Իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան չորս հարիւր ժողովականներ, որոնց կարգին կրօնքներու եւ մշակոյթներու ներկայացուցիչներ, որոնք երկխօսութեան պատրաստակամութեամբ կը ժամանեն։ Ժողովի առաջին նիստին պիտի կարդացուի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.