2015-09-01 13:50:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նամակը Յոբելինական Ներողութեան շուրջ


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ, 1 սեպտեմբերին նամակ մը ուղարկած է Կարդինալ Ֆիզիքելլայի՝ նախագահ Նոր Աւետարանումի Խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի։ Սրբազան Պապը իր նամակին մէջ կը բացայայտէ “Ողորմութեան Արտակարգ Յոբելինական Տարւոյն” շնորհուելիք Ներողութիւնները։

“Նկատի առնելով, որ Ողորմութեան Արտակարգ Յոբելեանը արդէն մօտեցած է, թոյլ տուէք նկատել քանի մը կէտեր, որոնց քննարկումը ինծի կարեւոր կը թուի, որպէսզի Սուրբ Տարւոյն տօնախմբութիւնը հաւատացեալներուն համար Աստուծոյ Ողորմութեան հետ իսկական հանդիպման պահ մը ըլլայ։ Իմ փափաքս է, որ Յոբելեանը՝ Հօր մօտիկութեան կենդանի փորձառութիւն մը ըլլայ, Անոր քնքշութիւնը ձեռքերով շօշափելով, որպէսզի բոլոր հաւատացեալներու հաւատքը զօրանայ եւ վկայութիւնը դառնայ ազդու։

Իմ մտածումներս նախ կ’երթան բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք առանձին թեմերու մէջ եւ կամ իբր ուխտաւորներ Հռոմի մէջ՝ Յոբելեանի շնորհքը պիտի ապրին։ Կը փափաքիմ, որ Յոբելինական Ներողութեան շնորհումը հասնի բոլորին՝ իբր իրական փորձառութիւն Աստուծոյ ողորմութեան, որ բոլորիս կ’ընդառաջէ հօր մը կերպարով, որ կ’ընդունի եւ կը ներէ, կատարելապէս մոռացութեան տալով մեղքերը։ Ներողութիւնը ապրելու եւ ստանալու համար, հաւատացեալները կոչուած են, ապաշխարելու խոր ցանկութեան իբր նշան՝ կարճ ուխտագնացութիւն մը կատարել Սուրբ Դռան, որ իւրաքանչիւր մայր տաճարի մէջ, կամ թեմի եպիսկոպոսի կողմէ որոշուած եկեղեցւոյ մը մէջ, ինչպէս նաեւ Հռոմի Քահանայապետական չորս Տաճարներուն մէջ պիտի բացուի։ Նոյնպէս կը հաստատեմ, թէ Ներողութիւնը կարելի է ստանալ այն ուխտավայրերուն մէջ, ուր Ողորմութեան Դուռը բացուած է, ինչպէս նաեւ այն բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ, որոնք աւանդութեամբ ճանչցուած են իբր Յոբելինական եկեղեցիներ։ Կարեւոր է, որ այս պահը յատկապէս Հաշտութեան Խորհուրդով (խոստովանանքով) եւ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ եւ ապա ողորմութեան մասին խորհդածութեամբ մը կատարուի։ Հարկաւոր է, որ այս արարողութիւնները ներգրաւեն նաեւ Հաւատամքը, ինչպէս նաեւ աղօթքը իմ անձիս համար եւ այն դիտաւորութիւններուն համար, որոնք մօտ են իմ սրտիս՝ Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ աշխարհի բարիքին համար։

Բացի ասկէ, կը մտածեմ անոնց մասին, որոնց համար զանազան պատճառներու բերումով կարելի պիտի չըլլայ Սուրբ Դռան երթալ. մասնաւորապէս հիւանդներ, ծերեր, միայնակ մարդիկ, որոնք ստէպ անկարող են հեռանալու։ Անոնց համար մեծ օգնութիւն պիտի ըլլայ՝ հիւանդութիւնն ու ցաւը ապրելու իբր փորձառութիւն Աստուծոյ մօտիկութեան, որ Իր չարչարանքի, մահուան եւ յարութեան խորհուրդին մէջ արքայական ճանապարհը ցոյց կու տայ՝ ցաւին եւ միայնութեան իմաստ շնորհելու նպատակով։ Ասոնց համար Յոբելինական Ներողութիւն ստանալու միջոցը պիտի ըլլայ հաւատքով եւ ուրախ յոյսով ապրիլ այս պահը, Սուրբ Հաղորդութիւն ընդունելով եւ կամ Սուրբ Պատարագի եւ հասարակաց աղօթքի մասնակցելով՝ թէկուզ հաղորդակցութեան զանազան միջոցներով։

Իմ մտածումներս կ’երթան նաեւ բանտարկեալներուն, որոնք իրենց ազատութեան սահմանափակումը կ’ապրին։ Յոբելեանը միշտ պատժի արձակման առիթ եղած է անոնց համար, որոնք պատիժի մը արժանացած էին, սակայն իրենց պատճառած անիրաւութեան գիտակից՝ անկեղծ փափաքն ունին կրկին ընկերութեան մէջ ներգրաւուելու եւ իրենց ազնիւ նպաստը բերելու։ Թող անոնք բոլորը հասնին Հօր ողորմութեան, որ մօտ է անոնց, որոնք իր ներողամտութեան ամենէն աւելի պէտք ունին։ Անոնք ներողութիւնը պիտի ստանան բանտերու մատուռներուն մէջ, եւ ամէն անգամ, որ իրենց խցիկի դռնէն կ’անցնին՝ իրենց մտածումներն ու աղօթքը Հօր Աստուծոյ ուղղելով։ Թող այս արարքը անոնց խորհրդանշէ Սուրբ Դռան անցքը, որովհետեւ Աստուծոյ Ողորմութիւնը, որ կարողութիւնն ունի սրտերը փոխակերպելու, կրնայ նաեւ վանդակը վերածել ազատութեան փորձառութեան։

Իմ փափաքս է, որ Եկեղեցին Յոբելինական այս շրջանին վերագտնէ ողորմութեան մարմնաւոր եւ հոգեւոր գործերուն մէջ զետեղուած հարստութիւնը։ Որովհետեւ, Ողորմութեան փորձառութիւնը տեսանելի կ’ըլլայ շօշափելի նշաններու մէջ, ինչպէս Յիսուս Ինք մեզի սորվեցուց։ Ամէն անգամ, որ հաւատացեալները այս գործերէն մէկը կամ մէկէն աւելին կատարեն, ապահովաբար պիտի ընդունին Յոբելիլնական Ներողութիւնը։ Ասկէ կը հետեւի պարտականութիւնը, ապրիլ ողորմութեան հոգիով, ստանալու համար կատարեալ եւ համապարփակ ներողութեան շնորհքը՝ Հօր սիրոյ զօրութեամբ, որ ոչ զոք կը բացառէ։ Արդ, Յոբելինական Կատարեալ Ներողութիւնը ինքնին տօնախմբութեան պտուղն է, որ կը կատարուի եւ կ’ապրուի հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։

Յոբելինական Ներողութիւնը կարելի է նաեւ հանգուցեալներու համար ընդունիլ։ Մենք կապուած ենք անոնց՝ հաւատքի եւ սիրոյ վկայութեան մէջ, որ անոնք մեզի թողած են։ Այնպէս, ինչպէս զանոնք կը յիշենք Սուրբ Պատարագին մէջ, կրնանք նոյնպէս Սուրբերու Հաղորդութեան մեծ խորհուրդին մէջ անոնց համար աղօթել, որպէսզի Հօր ողորմած դէմքը զանոնք ամէն յանցանքէ ազատէ եւ յաւիտենական երանութեան մէջ իր մօտ ընդունի։

Մեր ժամանակի մէջ ծանր խնդիր մըն է կեանքի հանդէպ այլասերած յարաբերութիւնը։ Մեծապէս տարածուած մտայնութիւն մըն է սա, որուն արդիւնքն է նոր կեանքի ընկալման հանդէպ անհատական եւ ընկերային պատասխանատու զգայնութեան կորուստը։ Վիժումի ողբերգութիւնը ոմանց կողմէ միայն մակերեսային գիտակցութեամբ կ’ապրուի, այնպէս որ ծանր չարիքին, զոր այսպիսի արարք մը կը պատճառէ, գրեթէ գիտակից չեն։ Ուրիշ շատեր սակայն, որոնք այս պահը իբր պարտութիւն կ’ապրին, կը կարծեն թէ այլ ելք չկայ։ Կը մտածեմ յատկապէս կիներու մասին, որոնք վիժում կատարած են։ Ծանօթ եմ այն ճնշումին, որ զիրենք այդ որոշումին կ’առաջնորդէ։ Գիտեմ, թէ այս գոյութենական եւ բարոյական ողբերգութիւն մըն է։ Շատ մը կիներու հանդիպած եմ, որոնք իրենց սրտերուն մէջ այս տառապալից եւ ցաւալի որոշումին սպիները կը կրեն։ Ինչ որ պատահած է՝ անարդար է. եւ սակայն, միայն այն ժամանակ երբ անհատ մը կատարուածը իր ճշմարտութեամբ կը հասկնայ, կարելի կը դառնայ յոյսը չկորսնցնել։ Աստուծոյ ներումը ոչ մէկ մարդու կարելի է զլանալ, եթէ ան կը զղջայ, եւ յատկապէս եթէ ան անկեղծ եւ սրտանց Ներումի Խորհուրդը կ’ուզէ ընդունիլ, Հօր հետ հաշտուելու համար։

Նաեւ այս պատճառով, առանց նկատի առնելու հակառակ որոշումներ, որոշեցի, Յոբելինական Տարւոյն մէջ բոլոր քահանաներուն լիազօրութիւն շնորհել, վիժումի մեղքէն արձակելու զանոնք, որոնք վիժում կատարած են եւ զղջացեալ սրտով ներում կը խնդրեն։ Քահանաները թող պատրաստուին այս մեծ պարտականութեան եւ իսկական ընկալման խօսքերը գիտնան կապել այնպիսի խորհրդածութեան հետ, որ կ’օգնէ կատարուած մեղքերը հասկնալու։ Նոյնպէս, անոնք թող նշեն իսկական ապաշխարութեան ճանապարհը, կարենալ հասկնալու համար Հօր մեծասիրտ ներումը, որ Իր ներկայութեամբ ամէն ինչ կը նորոգէ։

Եզրափակիչ խորհրդածութիւն մը կ’երթայ հաւատացեալներուն, որոնք զանազան պատճառներով Պիոս Ժ.ի Եղբայրութեան հոգատարութեան տակ գտնող եկեղեցիներ կը յաճախեն։ Ողորմութեան Յոբելինական այս տարին ոչ ոք կը բացառէ։ Եպիսկոպոս եղբայրակիցներս, զանազան կողմերէ զիս տեղեակ պահած են այս հաւատացեալներու հաւատքի եւ խորհուրդներու կանոնաւոր մասնակցութեան մասին, միաժամանակ նշելով սակայն հովուական դժուարին պարագայի մը դիմաց գտնուելու անհաճոյ վիճակը։ Կը վստահիմ, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ լուծում մը գտնել, որպէսզի վերաշահինք յիշեալ Եղբայրութեան քահանաներու ամբողջական միութիւնը։ Այս հաւատացեալներու բարիքին համապատասխանելու անհրաժեշտութենէն մղուած, կորոշեմ, ինքնաբուխ տնօրինմամբ, որ անոնք, որոնք Ողորմութեան Սուրբ Տարւոյն ընթացքին Հաշտութեան Խորհուրդը կ’ընդունին Պիոս Ժ.ի Եղբայրութեան քահանաներուն մօտ, վաւեր եւ թոյլատրուած կերպով կ’ընդունին իրենց մեղքերու արձակումը։

Վստահելով Ողորմութեան Մօր բարեխօսութեան, Անոր պաշտպանութեան կը վստահիմ Բացառիկ Յոբելեանի պատրաստութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.