2015-09-01 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը հանգուցեալ գերապայծառ Փասթորէի հարազատներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 1 սեպտեմբերի առաւօտեան, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ, Վատիկանի ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի երբեմնի քարտուղար՝ Գերապայծառ Փիերֆրանքօ Փասթորէի յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութիւնը, Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի պատկան ծերանոցի եկեղեցւոյ մէջ։

Այս առթիւ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապի անունով հեռագիր ուղղած է հանգուցեալ Գերապայծառի ընտանեկան պարագաներուն, որուն մէջ յայտնած է Նորին Սրբութեան խորին ցաւակցութիւնը­, որ միշտ երախտագիտութեամբ կը յիշէ Կղերական հօր անխոնջ ծառայութիւնը՝ ի սպաս Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ, յատկապէս Սուրբ Աթոռի ընկերային հաղորդամիջոցներու սպասարկութեան։

Կարդինալ Փարոլին, հեռագիրի աւարտին, ապահովելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի աղօթքը հանգուցեալին հոգիին համար, որպէսզի Աստուած ընդունի զայն Իր Արքայութեան մէջ՝ յուղարակաւորութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական օրհնութիւնը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.