2015-09-01 10:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 1 սեպտեմբերի թուիթը աղօթենք Արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2015ին, կը նշուի Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրը՝ հաստատուած Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ։

Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը իր թուիթերեան կայքին մէջ հրատարակեց թուիթը մը, որուն մէջ հրաւէր ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն՝ աղօթելու եւ Արարչագործութեան խնամքի ուղղութեամբ աշխատանք տանելու։

՝՝Այսօր, արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրն է, աղօթենք եւ գործենք՜՜ գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր այսօրուայ թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.