2015-09-01 09:19:00

Հնդկաստանի մէջ աղօթքի օր Արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան


Սեպտեբմեր 1ին, Հնդկաստանի փրանկիսկեանները մէկ ժամուան Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն կը կատարեն՝ գլխաւորութեամբ փրանկիսկեաններու տեղական մեծաւոր՝ Հայր Մաթիույի։ Աղօթքի եւ երկրպագութեան այս ժամով անոնք կ’նդառաջեն Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին։ Փրանկիսկեան ընտանիքը` աւելի քան 50 հազար կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ եւ աշխարհականներ, նոյնպէս կանչուած են միանալու Տիրոջ՝ ոչ միայն խորհանշանակօրէն, այլ Արարչագործութիւնը պաշպանելու գործունեայ յանձնառութեամբ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.