2015-09-01 13:10:00

Ըլլալու ենք Աստուծոյ ներկայութեան վկաները


Ահաւասիկ ես կ'առաքեմ ձեզ իբրեւ գառնուկներ գայլերու մէջ: Այսուհետեւ դուք եղէք խորագէտ օձերու պէս եւ միամիտ՝ նման աղաւնիներու:» Զգուշացէք մարդոցմէ, որովհետեւ պիտի մատնեն ձեզ ատեաններուն եւ պիտի ձաղկեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ: Պիտի տանին ձեզ դատաւորներու եւ թագաւորներու առջեւ իմ պատճառովս, որպէսզի վկայութիւն տաք յանդիման անոնց եւ հեթանոսներուն: Բայց երբ մատնեն ձեզ, մի՛ մտահոգուիք, թէ ի՛նչ կամ ինչպէս պիտի խօսիք, որովհետեւ նոյն ժամուն պիտի տրուի ձեզի, ինչ որ պիտի խօսիք, որովհետեւ դուք չէք, որ պիտի խօսիք, այլ ձեր Հօր հոգին է, որ պիտի խօսի ձեր մէջ: (Մատթ 10, 16-20)

Ո՜վ Տէր, զիս երբեք տարակոյսի մէջ մի ձգեր, քու ներկայութիւնդ զգամ իմ սրտիս խորքին մէջ:

Շատերը հասկցան թէ Յիսուսը իտէալ եւ լուսաւորեան անձ մըն էր, եւ սակայն Յիսուսի խօսքերը մեր եւ բոլոր քրիստոնեաներուն հալածանքին եւ չարչարանքներուն մղեցին վհատելով եւ վախնալով մեր ինքնութեան վրայ, եւ սակայն Քրիստոսը իր վարդապետական ոճով կը փորձէ մեր սրտերուն առաջարկել ապրելու կեանքին ամէնաիտէալը որուն պէտք ունինք որպէսզի դառնանք օրինակները ճշմարիտ քրիստոնէութեան եւ սրբութեան:

 Քրիստոնէութեան առաջին օրէն Եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն տուաւ առաքելութեան եւ առաքեալներուն եւ սակայն հասկնալի չէր առաջին քրիստոնեաներուն որոնք չհասկցան առաքելութեան իմաստը եւ նպատակը:

Սուրբ Յովհաննէսը կը տարակուսէր այն առաքեալներուն առաքելութեան վրայ որոնք կը փափաքէին Տիրոջմէ հեռանալու սակայն անձամբ կանչուած էին իրմէ՝ ծառայելու եւ վկայելու Աստուծոյ խօսքին:

Ինչո՞ւ համար պէտք էին հալածուիլ եւ թշնամի դառնալ կարգ մը մարդոց եւ նոյնիսկ մինչեւ դատարան հասնիլ եւ դատուիլ իրենց առաքելութեան եւ քրիստոնէութեան պատճառաւ:

Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը աւելի հաշտ եւ պարզ պիտի ըլլար եթէ մնայինք Տիրոջ մօտ առաւօտեան աղօթքի մը կամ ալ վանական հոգեւոր կրթութեան մը շուրջ:

Քրիստոնէական մեր յոյսը կը կայանայ Սուրբ Գիրքին պատգամին մէջ որ բոլորիս կու տայ յոյսը եւ քաջութիւնը այսօրուայ մարտահրաւէրներու դէմ պայքարելու, ըլլալու ճշմարիտ վկաները Քրիստոսին եւ իր ներկայութեան: Աստուծոյ ժողովուրդին պատմութեան մէջ մենք կը դառնանք բոլոր մարդկութեան վկաները այն դաշնակցումին եւ Աստուծոյ խոստումներուն:

Մեր կեանքին հոգեւոր եւ սրախօս ընթացքը մեզմէ կը պահանջէ կեանքի միութիւն մը որ է կապը մեր Աստուծոյ եւ մեր եւ միւսներուն միջեւ որուն կեդրոնն եւ իտէալը պէտք է ըլլալ Աստուծոյ խօսքը:

Մենք Քրիստոնեաներս կը հաւատանք որ Աստուած մեզ ազատեց մեղքի մահէն իր Որդւոյն մահով եւ յարութեամբ, եւ ատոր համար մեր կեանքին ընթացքը չի կրնար դրոշմուիլ ոչ մահով, ոչ ձախողութեամբ եւ ոչ ալ սնանկութեամբ այլ Աստուծոյ սիրով եւ բարութեամբ եւ յաւիտենականութեամբ եւ այն բոլոր շնորհքներով եւ այսպիսով  մեր ծիլը պիտի մեծնայ:

Այս հոգեբանութեամբ եւ շնորհքի զօրութեամբ կը դառնանք Աստուծոյ վկաները, պարտական ենք քարոզելու Սուրբ Գիրքին այն վկայութիւնները եւ դէպքերը որոնց միջոցաւ Քրիստոսը դարձաւ բոլորիս Փրկիչը:

 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.