2015-08-31 09:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Հրեշտակ Տեառնի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 30 օգոստոսի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներու բազմութեան հետ կատարեց Հրեշտակ Տեառն աղօթքը եւ անոնց ուղղեց իր պատգամը։

Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ մարդ արարածը ենթակայ է վտանգի՝ իր անձը ուրիշներէն աւելի լաւ համարելու։ Այսպէս կը վարուէին Սուրբ Աւետարանի դրուագին մէջ յիշուած փարիսեցիները։

Մարդոց կանոնները Աստուծոյ պատուիրանները չեն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ։ Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Աւետարանի պատգամը (Մրկ Է. 1-23), Սրբազան Պապը շեշտեց՝ թէ «կանոններու բառացի պահպանումը ամուլ բան մըն է, եթէ չփոխէ սիրտը եւ չվերածուի գործնական վարուելակերպի»։ Ապա կոչ ուղղեց՝ «Բացուինք Աստուծոյ եւ իր Խօսքին՝ աղօթքով, փնտռենք արդարութիւն եւ խաղաղութիւն, օգնենք աղքատներուն, տկարներուն եւ ճնշուածներուն։

Բոլորս կը ճանչնանք անհատներ, մեր համայնքներուն, մեր ժողովրդապետութիւններուն եւ մեր բնակարաններուն մէջ, որոնք վնաս կը հասցնեն եւ գայթակղութիւն կը պատճառեն հաստատելով թէ «թունդ կաթողիկէ» են եւ ստէպ եկեղեցի կը յաճախեն, սակայն առօրեայ կեանքին մէջ կʼարհամարհեն ընտանիքը, կը բամբասեն ուրիշները եւն.։ Յիսուս կը դատապարտէ այս բաները, որովհետեւ անոնք քրիստոնէական վկայութեան հակառակ են»։

Քրիստոսի մէջ է ճշմարտութիւնը, եւ Անոր իմաստութիւնը մեզ կʼազատէ նախապաշարումներէ։ Արտաքին բաները չեն որ մեզ սուրբ կամ անսուրբ կʼընեն, այլ սիրտը, որ կʼարտայայտէ մեր նպատակները՝ մեր ընտրութիւնները եւ ցանկութիւնը ամէն ինչ Աստուծոյ սիրոյն համար կատարելու։ Առանց մաքրուած սրտի, չէ կարելի ունենալ մաքուր ձեռքեր եւ շրթներ, որոնք սիրոյ, ողորմութեան եւ ներումի անկեղծ խօսքեր արտայայտեն։

Վարմունքի արտաքին արտայայտութիւնները հետեւանքն են մեր սրտին մէջ կայացած որոշումին, եւ ոչ հակառակը։

Բարիի եւ չարի միջեւ ընթացող սահմանը դուրսէն չէ, այլ մեր մէջն է։ Հարց տանք մենք մեզի՝ ու՞ր է իմ սիրտս։ Յիսուս կʼըսէ՝ «Զի ուր գանձք ձեր են, ա՛նդ եւ սիրտք ձեր լիցին»։ (Մտթ Զ. 21) Ո՞րն է իմ գանձս – հարց կու տայ Սրբազան Պապը - Յիսու՞ս, Անոր վարդապետութիւ՞նը։

Սրբազան Պապը կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքը՝ «որ ինչ ի մարդոյն ելանէ՝ այն պղծէ զմարդ։ Զի ի ներքուստ ի սրտէ մարդկան խորհուրդք չարութեան ելանեն»։ (Մրկ Է. 21-22)

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսք ըսելով՝ Աղօթենք Աստուածածնի՝ «տուր մեզի մաքուր սիրտ մը, ազատ ամէն կեղծաւորութենէ»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.