2015-08-31 09:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝«Գաղթականներու դէմ կատարուած ոճիրները՝ վիրաւորանք են մարդկութեան»


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 30 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառնի քարոզին մէջ կոչ ուղղեց մարդկութեան՝ դադրեցնել գաղթականներու դէմ գործադրուած արիւնահեղութիւնը։ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ ներկայ էր նաեւ Վիեննայի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Քրիսթոֆ Շէօնպորն։ Սրբազան Պապը միացաւ Կարդինալին յատուկ աղօթքով՝ վերջերս Աւստրիոյ մէջ մահացած 71 գաղթականներուն  համար։

Սրբազան Պապը իր խօսքին մէջ ըսաւ՝ «Անոնցմէ իւրաքանչիւրը վստահինք Աստուծոյ ողորմութեան։ Եւ խնդրենք Անկէ որ օգնէ մեզի, որ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կայացնենք՝ կանխարգիլելու համար այսպիսի ոճիրներ, որոնք վիրաւորանք են մարդկային ամբողջ ընտանիքին համար։ Աղօթենք լռութեամբ բոլոր գաղթականներուն համար, որոնք կը տառապին եւ անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցած են»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.