2015-08-31 13:11:00

Մալթայի եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն նոր սերունդը՝ մասնակցելու Ստեղծագործութեան օրուան աղօթքին


(Ռատիօ վատիկան) Մալթայի եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն նոր սերունդը՝ մասնակցելու Ստեղծագործութեան օրուան աղօթքին, որ Ֆրանչիսկոս Պապի նախաձեռնութեամբ կը կատարուի սեպտեմբերի 1ին։ ‘’Ամէն հաւատացեալ կոչուած է ըլլալ բարի քրիստոնեայ ու պատասխանատու քաղաքացի։ Եթէ կը սիրէք Յիսուսը՝ կը սիրէք նաեւ կենսոլորտը’’ կը գրէ Մալթայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Mario Grech, երիտասարդներուն ուղղած նամակին մէջ։ Ան կենսոլորտի խնամատարութիւնը կը ներփակէ մերձաւորին հոգատարութեան մէջ։ Կեանքին մէջ պէտք է սորվիլ միասնաբար ապրիլ։ Մարդկային ազգը մեծ ընտանիք մըն է. այն անհատը, որ կը սիրէ կենսոլորտը՝ կը սիրէ կեանքը եւ յատկապէս՝ հիւանդները, ծերերը եւ նորածինները։ Գերապայծառ Mario Grech նամակը կ’եզրափակէ երկրագունդի համար մատուցուած այօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.