2015-08-31 13:22:00

Կարդինալ Փարոլինի նամակը՝ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի Քոլոմպանիան հասարակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Օգոստոս 31ին, Պոպպիոյի մէջ (Իտալիա) հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցուած է Քոլոմպանիան Հասարակութեան միջազգային 18րդ համահաւաքին առիթով, որ գումարուած էր Սուրբ Քոլոմպանի մահուան 14րդ դարադարձին առիթով։

Այս առիթով Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին՝ Փիաչենցա-Պոպպիոյի եպիսկոպոս, Գերապայծառ Ճաննի Ամպրոզիոյին նամակ մը ուղարկած է՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի անունով։

Կարդինալը կը յայտնէ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ուրախութեամբ կը փոխանցէ իր բարեմաղթութիւնները թեմի հասարակութեան եւ Քոլոմպանիան Հասարակութեան համահաւաքի մասնակցողներուն, որոնք ժամանած են Եւրոպայի զանազան երկիրներէն։

Սուրբ Քոլոմպան, որ Իրլանտայէն կու գար, իր եկեղեցական գործունէութեան մէջ միշտ շեշտած էր “եւրոպական” գաղափարը։ Ան, Գրիգոր Մեծ Քահանայապետի ուղղած նամակի մը մէջ, 600 թուականին, կը նշէ՝ թէ բոլոր քրիստոնեաներու պարտականութիւնն է համագործակցիլ, որպէսզի ցամաքամասի զանազան ժողովուրդները ապրին խաղաղութեամբ եւ միասնութեամբ։ Սուրբ Քոլոմպան աղօթքի, ճգնութեան եւ ուսումնական կեանքով, զոր սկսած էր Պանկորի վանքէն, Քոմկալ աբբայի դպրոցէն, երբեք չհեռացաւ իր ժամանակաշրջանի կրօնական եւ քաղաքական իրադարձութիւններէն, այլ ընդհակառակը, իր միջամտութիւնը ցուցաբերեց շատ անգամներ, որոշիչ ձայնով, յիշեցնելով Յովհաննէս Մկրտիչի կերպարը։

Սուրբ Քոլոմպան 30 տարի մնացած է վանքին մէջ։ Ապա՝ իրլանտական ճգնաւորութեան յատուկ հոգեբանութեամբ, ան կատարած է ուխտագնացութիւններ Եւրոպայի ցամաքամասին վրայ, վերագտնելու նպատակով Աւետարանի լոյսը եւրոպական որոշ շրջաններու մէջ, որոնք հիւսիս-արեւելեան ժողովուրդներու տեղաշարժէն վերջ կորսնցուցած էին քրիստոնէութիւնը։ Իջնելով Պրեթանի ծովեզրեայ շրջանները, կրօնաւորներու խումբի մը հետ միասին, եւ Ֆրանքներու թագաւորի բարեացակամ հիւրընկալութեամբ՝ ան սկիզբ դրած է Եւրոպայի աւետարանման մեծ գործունէութեան մը, ոչ հաւատքի պարտադրումով, այլ կրօնաւորներու ապրելակերպի հրապուրանքով։ Անոնց վկայութիւնը կը կայանար աղօթքի, հողագործութեան, ուսուման եւ զգաստ կեանքի մը ապրումով՝ հիմնուած հոգեւոր եւ նիւթական էական բաներու եւ խիստ բարոյականութեան վրայ։

Սուրբ Քոլոմպան՝ Աստուծոյ շնորհքի առանձնաշնորհեալ միջոց մը եղած է, քաշելով ուխտաւորներու եւ ապաշխարողներու հոսանքներ, եւ շատ մը նորակառոյց վանքերու մէջ ընդունելով բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք կ’ընդգրկէին կրօնաւորական կեանքը։ Համոզուած Նախախնամութեան շնորհքի եւ օգնութեան, որ կը բաշխուի իւրաքանչիւր մարդ արարածի, որ իր կեանքին մէջ հաւատքով կ’ընդգրկէ Աստուծոյ սէրը՝ Քոլոմպան եղաւ անվախ ծաւալող առանձնական Խոստովանանքի խորհուրդին, որ անփոխարինելի միջոց մըն է ապաշխարութեան լուրջ ընթացքի մը համար։

Ան, զանազան ժողովուրդներու մէջ քարոզեց եւ հրապուրեց զանոնք Քրիստոսով, որովհետեւ իր վանքերը հոգեւոր, մտաւոր եւ ընկերային ճառագայթումի աղբիւր դարձան։

Սուրբ Աբբային երկրային կեանքի վերջին հանգրուանը եղաւ Պոպպիօ։ Պոպպիօյի վանքը վերածուեցաւ մշակութային կենդրոնի մը։ Քոլոմպան իր առաքելութեան վերջին հանգրուանին իսկ խրախուսեց եւրոպական ժողովուրդներու հոգեւոր միութիւնը, պայքարելով՝ գերազանցելու արիոսեան աղանդի, հիւսիսային Իտալիոյ մէջ բացած վէրքերը, որոնք խզած էին հաղորդութիւնը՝ Լոնկոպարտներու եւ Հռոմի Եպիսկոպոսին միջեւ։

Սուրբ Քոլոմպան, զոր Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի համաձայն կրնանք նկատել “Եւրոպայի Հայրերէն” մին, համոզուած էր, որ Եւրոպայի սրտին մէջ կարելի է եղբայրութիւն գոյացնել, միայն եթէ գոյութիւն ունենայ հասարակութիւն մը՝ բաց Աստուծոյ հանդէպ։ Անոր մեծ մշակոյթը, անոր հոգեւոր ոյժը եւ անոր բարոյական ոճը մեզի յստակօրէն ցոյց կու տան՝ թէ ուր պէտք է դնենք շեշտը, որպէս զի նաեւ մեր ժամանակներուն մէջ այդպիսի հասարակութիւն մը կարենայ վերակենդանանալ, եւրոպական ցամաքամասին վրայ։

Յոբելինական հանդիսութիւնները պիտի նպաստեն՝ աւելի լաւ ճանչնալու այս Աւետարանիչին մարդկային եւ հոգեւոր կերպարը։ Սրբազան Քահանայապետը կ’արտայայտէ իր խանդավառ գնահատանքը՝ հովուական եւ մշակութային բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն համար, եւ կը հայցէ Սուրբ Քոլոմպանի երկնային բարեխօսութիւնը՝ եկեղեցական այն բոլոր հասարակութիւններուն համար, որոնք Սուրբ Քոլոմպանը ունին իբր պաշտպան սուրբ, եւ կ’ուղարկէ իր Առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.