2015-08-31 13:07:00

Դամասկոսի մէջ յետաձգուեցաւ Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանի ուխտագնացութեան արարողութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին, Դամասկոսի մէջ կայանալիք Ֆաթիմայի Տիրամօր ուխտագնացութեան արարողութիւնը յետաձգուած է, ապահովական պատճառներու բերումով։

Այս մասին յայտնած է Փորթուկալի Տիրամօր սրբավայրին տեսուչ՝ Հայր Քարլոս Քապէչինաս, ստանալէ ետք հաղորդագրութիւնը մը, Սուրիոյ Անտիոքի Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Գրիգոր Գ. Լահհամի կողմէ։

Հաղորդագրութեան մէջ, Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարքը գրած է՝ Դամասկոսի իրավիճակի վատթարացման ի տես, կարելի չէ կատարել շատ փափաքուած Ֆաթիմայի Տիրամօր ուխտագնացութիւնը։ Ան խնդրած է յետաձգել Տիրամօր արձանի ուխտակցութիւնը, եւ զայն կատարել աւելի ապահով ժամանակամիջոցի մը մէջ։

Հաղորդագրութեան աւարտին Գերերջանիկ Լահհամ, Փորթուկալի Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրի տեսուչէն խնդած է՝ երբեք չդադրիլ աղօթելէ Սուրիոյ հաւատացեալներու դիտաւորութեան համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.