2015-08-31 10:49:00

Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի պատգամը Արարչութեան պահպանումի մասին


(Ռատիօ Վատկան) “Մարդ արարածը, իբր արարչակից եւ օժտուած ազատ կամքով՝ մեծ պատասխանատուութիւն ունի դիմագրաւելու բնութեան համոյթի ներկայ տագնապը”։ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս Ա. այս խօսքերով ընդգծեց մարդու պատասխանատութեան ստիպողականը՝ Արարչութեան նուիրուած աղօթքի օրուան առիթով, որ պիտի կատարուի տարւոյս սեպտեմբերի 1ին, բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու մասնակցութեամբ։

Մարդ արարածի ագահութիւնը երկիրը վերածած է աղբանոցի

Տիեզերական Պատրիարքի պատգամը, որ կ’երկրորդէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յայտնած նկատումները “Գովեալ ըլլաս” շրջաբերականին մէջ, կը քննարկէ կլիմայական փոփոխութիւնները, որոնք այսօր երկրագունդի գոյատեւման կը սպառնան, եւ կը դատապարտէ մարդու պատասխանատուութիւնը Արարչութեան կործանումին մէջ։ “Մարդոց ագահութիւնը”, որ կը յիշեցնէ Սուրբ Աւետարանի հարուստը, ինչպէս նաեւ “սպառողականութիւնը”, “վատնումի” մշակոյթը եւ բնական հարստութիւններու անխնայ շահագործումը՝ երկրագունդը վերածած է “հասկայ աղբանոցի մը”։

Նիւթական եւ հոգեւոր աղբ

Ոչ միայն “նիւթական աղբի” մասին է խօսքը, այլ առաւել եւս “հոգեւոր աղբի” մասին։ Բարթողիմէոս Պատրիարք՝ համակարծիք Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, կը մատնանշէ սերտ առընչութիւնը՝ մարդու եւ բնութեան յարաբերութեան տագնապին եւ մարդ-Աստուած յարաբերութեան միջեւ։ Այս իմաստով կը շեշտէ Պատրիարքը՝ “Ուղղափառ քրիստոնեաները, Արարչի հանդէպ հզօր հաւատքով, կոչուած են իրագործելու հաւատքը նաեւ արարչութեան պահպանումին մէջ, գործելով Սուրբ Աւետարանի հոգիով՝ նորոգելով Անոր քարոզութիւնը ներկայ աշխարհի մէջ”։

Տիեզերական Պատրիարքի պատգամը կ’եզրափակէ հրաւիրելով բոլորը “արթնցնելու մտքերը” եւ ազատուելու անձնական կիրքերէ եւ հետաքրքրութիւններէ “կարենալ ներդաշնակութեամբ ապրելու համար ընկերոջ եւ արարչութեան հետ, զոր Աստուած այնքան բարի ստեղծած է”։








All the contents on this site are copyrighted ©.