2015-08-29 12:48:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 29 օգոստոսի գործունէութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 29 օգոստոսին, պաշտօնապէս հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի 15 օգոստոս թուակիր նամակը, որ կը հաստատէ Կարդինալ Խաւիէ Էրրածուրիծ Օսսայի՝ անուանումը՝ իբր յատուկ Պատուիրակ մասնակցելու Մեքսիքոյի Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային 6րդ Համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Մոնթերրէյի մէջ, 2015ի սեպտեմբերի 9-13։

Իսկ շաբաթ, կէսօրին, Վատիկանի Սանթա Մարթայի տան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կարինալ Մարք Ուէլլէ, նախագահ Սուրբ Աթոռի Եպիսկոպոսներու Ժողովին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.