2015-08-29 13:14:00

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մետրապոլիտ Արսենիոս՝ “Եւրոպան բարոյական թմրաքունի մէջ է”


(Ռատիօ Վատիկան) Յոյն Ուղղափառներու Մետրապոլիտ Արսենիոս՝ նախագահ Աւստրիոյ Ուղղափառներու Եպիսկոպոսական Ժողովին, խորապէս զգացուած է՝ վերջին օրերուն, Աւստրիոյ մէջ կատարուած գաղթականներու ողբերգութենէն եւ խիստ խօսքերով կը քննադատէ Եւրոպայի գաղթականութեան քաղաքականութիւնը։

Մետրապոլիտը իր յայտարարութեան մէջ կը գրէ՝ թէ բոլորը, Աւստրիացիներ եւ Եւրոպացիներ, մարդկային արժէքներու եւ մարդկային արժանապատուութեան միասնական պատասխանատուութիւն մը ունին։ Իւրաքանչիւր մահացեալ գաղթականի հետ, օր ըստ օրէ Եւրոպայի արժանապատուութենէն մաս մըն է, որ կը մահանայ։ Եւրոպայի միութիւնը իրականացած էր իբր մերժում պատերազմի եւ ահաբեկչութեան, տարիներ առաջ մեծ յոյսի առիթ տալով՝ համաշխարհայնացած երկրագունդի մը վրայ։

Վերջերս կատարուած գաղթականներու ողբերգութեամբ, հասած ենք կէտի մը, ուր ոչ ոք կրնայ իր ակնարկը շեղել, կը շեշտէ Արսենիոս Մետրապոլիտ։ Այս ողբերգութիւնը ամօթալի կերպով կը բացայայտէ՝ թէ եւրոպական հիմնարկութեան դաշինքներուն մէջ երդուեալ արժէքները՝ Եւրոպայի ներկայ իրականութեան մէջ դարձած են անարժէք։ Ասոր տեղ, հետզհետէ երեւան կու գայ “Եւրոպա մը, որ բարոյական թմրաքունի մէջ կը գտնուի, որուն ճիգերը կը թուին աւելի դրամական շուկայի մտահոգութիւններուն ծառայել՝ քան ընկերսիրութեան պատուիրաններուն եւ հումանիստական տրամաբանութեան”։ Այն անձը, որ կը կարծէ, թէ կրնայ իր ընկերութեան արժէքները միայն բերանացի արտայատել, առանց զանոնք կայուն կերպով ապրելու, պահպանելու եւ պաշտպանելու՝ մշտապէս հրաժարած է իր սկզբուներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.