2015-08-29 14:00:00

Կարդինալ Փարոլին կ’այցելէ Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցը


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, 29 օգոստոսի առաւօտեան այցելեց Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցը։

Հիւանդանոցը տարւոյս օգոստոս 1ին յանձնուած էր Սուրբ Սրտի անուան Կաթողիկէ Համալսարանի մատակարարութեան։ Հիւանդանոցի նախագահ՝ Ճովաննի Ռայմոնտի, Կաթողիկէ Համալսարանի Տնօրէն՝ Ֆրանքօ Անելլի եւ այլ պատասխանատու անձնաւորութիւններ ընդունած են Կարդինալ Փարոլինը։ Առաւօտեան ժամը 11ին Ծիրանաւորը Սուրբ Պատարագ մատուցած է այնտեղ՝ հիւանդանոցի պատասխանատուներու եւ անձնակազմին համար։ Կարդինալ Փարոլինի հետ համապատարագած են համալսարանի եւ հիւանդանոցի պատասխանատու հոգեւորականներ։ Սուրբ Պատարագէն վերջ կարդինալը այցելած է հիւանդանոցի զանազան բաժիններ։

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Պետական Քարտուղարը անդրադարձած է Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութեան, որուն գլխատման յիշատակը կը կատարուի այսօր, ըստ լատինական տօնացոյցին։ Յովհաննէս Մկրտիչ նախավկայ էր՝ ոչ միայն ծնունդով, այլ եւ մահով, ըսած է կարդինալը։

Օրուան Հին Կտակարանի ընթերցուածը կը պատմէ Երեմիա Մարգարէի կոչումի մասին։ Այնտեղ արդէն կը տեսնենք չարչարուող Քրիստոսի պատկերը։ Յիսուսի անվերապահ վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ, կը բացայայտէ Յիսուսի բացարձակ տրամադրելիութիւնը՝ Հօր կամքին։ Կարդինալ Փարոլին իր քարոզին մէջ ընդլայնած է կոչումի, առաքելութեան, վկայութեան եւ վստահութեան խորհուրդները՝ խորանալով Յիսուսի, Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Երեմիա Մարգարէի կերպարներուն վրայ։ Օրուան սուրբգրային ընթերցումները (Եր Ա. 4-19, Մրկ Զ. 17-29) կ’ուսուցանեն անվախօրէն գործադրել Աստուծոյ կամքը եւ քարոզել ու աւետարանել Աստուծոյ խօսքը։ Յովհաննէս Մկրտիչ՝ նախ քան իր նահատակութիւնը, ամբողջանուէր տրամադրուած էր Աստուծոյ կամքին։

Կարդինալ Փարոլին մաղթանք յայտնեց՝ որ Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութիւնը օրինակ հանդիսանայ հիւանդանոցի առաքելութեան՝ միշտ աւելի մեծ հաւատարմութիւն ցուցաբերելով Աստուծոյ կամքին, եւ իւրաքանչիւր անհատի հետ վարուիլ այն յարգանքով, ընկալումով եւ փափկանկատութեամբ, որուն արժանի են անոնք՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերի նմանութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.