2015-08-29 12:10:00

Թապղայի սրբավայրին մէջ նախագահ Ռիվլին կը հանդիպի Ֆուատ Թուալ Պատրիարքին հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Իսրայէլի նախագահ, Ռոյվէն Ռիվլին, ուրբաթ, 28 օգոստոսին, հանդիպած է Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք՝ գերերջանիկ Ֆուատ Թուալին հետ, անցեալ յուլիսին հրկիզուած՝ Թապղա սրբավայրին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Լատինաց Պատրիարքութիւնը, Ւսրայէլի նախահագի այցելութիւնը համարելով զօրակցութեան նշան՝ Թապղայի քրիստոնեայ հասարակութեան նկատմամբ, որոնք տակաւին զգացուած են՝ հացերու բազմապատկումի հրաշքի վայրի վրայ կատարուած յարձակումներէն։

Նախագահ Ռիվլին ուժգին դատապարտած է քրիստոնեաներուն կրօնը խորհդանշող վայրերու վրայ կատարուած յարձակումները, ընդգծելով թէ սոյն արարքները ոչ մի կերպով կը ցոլացնեն Իսրայէլի ժողովուրդի ունեցած համակրանքը քրիտսոնեաներու հանդէպ։

Նշենք թէ, ներկայիս, Իսրայէլի Պետութիւնը, ձերբակալած է Սբրավայրը հրկիզող կասկածելի երեք անձեր, որոնք կը պատկանին կրօնական ծայրայեղական խմբաւորումներուն, եւ որոնք անթիւ նախայարձակումներ կատարած են՝ ըլլա´յ քրիստոնեաներու եւ ըլլա´յ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ։

Պատրիարք Թուալ իր կարգին յայտնած է Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հասարակութեան մտահոգութիւնը, ի տես կրօնական ծայրայեղականութեան աճումին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններուն, ընդգծելով՝ թէ Իսրայէլի Պետութեան պարտականութիւնն է երաշխաւորել եկեղեցիներու եւ սուրբ վայրերու անվտանգութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.