2015-08-29 13:02:00

Բողոքի ցոյցեր Քրէմիսան շրջանին մէջ՝ պատնէշի մը վերակառուցման աշխատանքներուն դէմ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 30 օգոստոսին, Բեթղեհէմի մօտ գտնուող Քրէմիսան շրջանին մէջ, նախատեսուած են  ցոյցեր,  բողոքելու համար Իսրայէլի եւ Պաղեստինի  սահամանգիծին վրայ պատնէշի մը վերակառուցման աշխատանքներուն դէմ։

Քրէմիսան շրջանին մէջ է Պէյթ Ժալա անուան ժողովրդապետութիւնը, ուր կը գտնուին նաեւ անթիւ պաղեստինցի ընտանիքներու պատկան հողամասեր՝ մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներ, ինչպէս նաեւ վանք ու դպրոց մը։

Վերջերս, Իսրայէլի բարձրագոյն ատեանի վճիռով, Իսրայէլի պետութիւնը արտօնութիւն շնորհած է վերսկսելու պատնէշի կառուցման աշխատանքները։ Այս մասին վատիկանի Ռատիօ կայանը հարցազրոյց կատարած է Սուրբ Երկրի Պահակ՝ Հայր Փիցցապպալային հետ, որուն ընթացքին կղերական հայրը յայտնած է, թէ սոյն բողոքի ցոյցերով  տարածաշրջանի բնակիչները կ՝արտայայտեն  իրենց կամքը՝ թէ հակառակ են պատնէշի կառուցման աշխատանքներուն, որ բաժանումի պատճառ կը հանդիսանայ՝ հոն բնակչութիւն հաստատող  մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակիչներու միջեւ։

Իսկ իրաւական գետնի վրայ, Սուրբ Երկրի Պահակը հաստատած է՝ թէ սոյն իրավիճակը հակասական թուող պարագայ մըն է, ընդգծելով՝ թէ նման իրողութիւն մը ծանր կերպով պիտի հակազդէ շատ մը ընտանիքներու կեանքին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.