2015-08-28 08:51:00

Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը:


(Ռատիօ Վատիկան) 29 Օգոստոսէն մինչեւ երկու Սեպտեմբեր Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՛ունենայ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։ Ժողովին նիւթն է պատրաստել 2016-ին տեղի ունենալիք համա-օրթոտոքս ժողովին աշխատանքները։ Իսկ մէկ Սեպտեմբերին նախատեսուած է եկեղեցական Տարւոյն տօնախմբութիւնը։

Յայտնենք թէ անցեալ 14 Օգոստոսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իտալացի յիսուսեան հայր Փաոլօ Պիցցեթին նշանակեց որպէս Անատոլի առաքելական տեղապահ։ 68 ամեայ հայր Պիցցեթին եղած է տնօրէնը Փատովայի յիսուսեաններու երիտասարդական կեդրոնին եւ մասնագէտ Միջին Արեւելքի հարցերուն։

Այսօր` Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը որոշ մարզերուն մէջ գրեթէ անհետացած է, ինչպէս է պարագան Անատոլի։ Հայր Փաոլօ Պիցցեթին յառաջիկայ շաբաթներուն եպիսկոպոս պիտի օծուի, նախքան  իր նոր պաշտօնին ստանձնելը։

Նշենք որ 2010-էն այսօր թեմը թափուր էր, յետ գերապայծառ Լուիճի Փատովեզիի սպանութեան թուրքի մը ձեռքով։  








All the contents on this site are copyrighted ©.