2015-08-27 08:23:00

Ֆլաւիանօ Միշել Մելքի՝ 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ նահատակ եպիսկոպոսի երանացումը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 29 օգոստոսին, Լիբանանի մէջ, Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ պիտի ընթերցէ ասորի կաթողիկէ 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ նահատակ եպիսկոպոս՝ Ֆլաւիանօ Միշել Մելքիի երանացման վճռագիրը, Սուրբ Պատարագի ընթացքին, որուն պիտի նախագահէ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ Եունան Պատրիարքը։

Մելքի եպիսկոպոսը մարտիրոսացած է “ասորիներու ցեղասպանութեան” ընթացքին 1915-ին։ Հանդիսական Սուրբ Պատարագը եւ երանացման արարողութիւնը պիտի կատարուին պատրիարքական “Ազատագրման Տիրամայր” վանքին մէջ (Հարիսա՝ Լիբանան)։ Հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուին արեւելեան Եկեղեցիներու բազմաթիւ Պատրիարքներ եւ առաջնորդներ՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Իրաքէն։

Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ՝ նախագահը Սուրբերու Դատի Ժողովին, վճռագիրը պիտի ընթերցէ Սուրբ Պատարագի սկիզբը։

Տարւոյս օգոստոսի 8ին, արդարեւ Սրբազան Պապը անհատական ունկնդրութիւն շնորհած էր Կարդինալ Ամաթոյի՝ լիազօրելով յիշեալ Ժողովը, վաւերացնելու Աստուծոյ Ծառայ Մելքի եպիսկոպոսի երանացման վճռագիրը։

Ֆլաւիանօ Միշել Մելքի՝ Սուրբ Եփրեմի Եղբայրութենէն, եղած է եպիսկոպոս Ճէզիրէյի (Սուրիա)։ Ան ծնած է 1858ին, Քալաաթ Մարայի մէջ (այսօրուան Թուրքիա) եւ սպաննուած է թուրքերու կողմէ, 29 օգոստոս 1915ին։ Կազարթայի եպիսկոպոս օծուած է 1913ին։ Ան ապրած է ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, վաճառելով նաեւ իր ծիսական զգեստները՝ կարենալ օգնելու համար աղքատներուն։

Հալածանքներու եւ ցեղասպանութեան ծիրէն ներս՝ թուրք պաշտօնէութիւնները զայն բանտարկած են օգոստոս 28ին, սոյն քաղաքի քաղդէացիներու եպիսկոպսի հետ միասին։ Խոշտանգումներու ենթարկուելէ վերջ՝ եպիսկոպոսը գլխատուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.