2015-08-27 09:28:00

Յունական մշակութային փառատօնը պիտի մեկնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը յիշատակելով


Նոր Զմիւռնիոյ մէջ Օգոստոս 29-ին պիտի մեկնարկէ երկրի ամենակարեւոր եւ սիրելի մշակութային փառատօններէն մէկը` «Իոնիգեսի յիշատակում 2015»-ը:

Վկայակոչելով Յունաստանի հայ համայնքէն փոխանցուած տեղեկութիւնները՝ Artsakhpress.am կը նշէ, թէ մշակութային փառատօնը պիտի բացուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յիշատակելով, իսկ առաջին օրը նուիրուած պիտի ըլլայ բացառապէս հայկական մշակոյթին:

Հայկական մշակոյթը, Յունաստանի մէջ, յունահայ պատանիներու հետ միասին, պիտի ներկայացնեն նաեւ Արցախէն մեկնած 25 պատանիներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.