2015-08-27 13:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Մելքի եպիսկոպոսին եարանացումը Արեւելքի քրիստոնեաներուն յոյս է''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հարիւր տարիներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան հալածանքներուն բերումով նահատակուած գերապայծառ Ֆլավիէն Միշել Մելքիի երանացումը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար յոյսի եւ քաջալերանքի պատգամ մըն է բոլոր քրիստոնեաներուն որոնք այսօր հարստահարուած են եւ ճնշումի տակ կ՛ապրին ''   ըսաւ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ` Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի  մը ընթացքին։ Շաբաթ 29 օգոստոսին Կարդինալ Ամաթօ լիբանանի մէջ պիտի մասնակցի Ասորի Կաթողիկէ եպիսկոպոսին երանացման արարողութեան։  Ծիրանաւորին համար ''շատ մը քրիստոնեաներ այսօր` Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր, կը տառապին մարդկայնական քաղաքակրթութեան եւ համերաշխ համակեցութեան անկումի հետեւանքէն''։ Կարդինալ Ամաթօ հուսկ մատնանշած է թէ ''Այս մեր եղբայրները սակայն չեն ուզեր վհատիլ ու յանձնուիլ ահաբեկչութեան այլ իրենց դէմ գործադրուած բռնութեան կը  պատասխանեն քաջութեամբ ու հաւատքով''։








All the contents on this site are copyrighted ©.