2015-08-27 09:15:00

ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներու նպատակն է ոչնչացնել սուրիական ժողովուրդին արմատները։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Փալմիրայի  փիւնիկեցիներու Պա’ալշամին` երկինքի չաստուածին նուիրուած տաճարի կործանումով ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները  բծախնդրութեամբ  կը նպատակադրեն ոչնչացնել սուրիացիներն ու անոնց արմատները'' յայտարարեց  25 Օգոստոս 2015-ին­, l’Œuvre d’Orient բարեսիրական մարմինը հաստատելով թէ ''ՏԱՀԵՇ-ները կը փորձեն ջնջել  երկրի  նախա-իսլամական հետքերը''։

Ֆրանսական բարեսիրական մարմինը, որ օգնութեան կը հասնի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն խստիւ կը դատապարտէ ՏԱՀԵՇ-ներու տմարդի ու կործանարար կեղեքումը մարդկային թէ ժառանգական գետնի վրայ։

l’Œuvre d’Orient Փալմիրի աւերներու տնօրէն`82 տարեկան Khaled al-Assaad-ի (1963-2003) սպանութիւնը  ՏԱՀԵՇ-ներու ձեռքով կ՛որակէ  բարբարոսական արարք։  ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները   կործանած են նաեւ 5-րդ դարու պատկան ասորի կաթողիկէ վանքը` նուիրուած մար Էլեանին (սուրբ Յուլիանոս)։

Նշենք որ Պա’ալշամի չաստուածը կը նկատուի ‘’տէրը երկրի, անձրեւի ու ցողի’’։

Քրէական այս ներգործութիւնները կը մղեն սուրիացիները ու յատկապէս քրիստոնեաները երկրէն գաղթելու յայտարարած է  l’Œuvre d’Orient-ի ընդհանուր տնօրէնը գերապայծառ Pascal Gollnisch։ Ան  ողջունած է ֆրանսայի արտգործ նախարարութեան նախաձեռնութիւնը` կազմակերպելու միջազգային ժողով մը­, յառաջիկայ 8 Սեպտեմբերին, ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ, որուն  կէտնպատակն է օգնութեան հասնիլ Միջին Արեւելքի հարստահարեալներուն։ Միջազգային համագումարին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը 60 երկիրներու ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին ԱՄՆը, Ռուսիան, Իրաքը, Սաուտական Արաբիան եւ Թուրքիան, ու այլ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ։ Քաղդէացիներուն պատրիարքը եւս հրաւիրուած է այդ ժողովին։ Ունեսքոյի ընդհանուր տնօրինուին` Իրինա Պոքովա խստիւ դատապարտած է Պա’ալշամի տաճարի կործանումը, որակելով Սուրիոյ եւ Իրաքի պատմական կոթողներու կործանումը ‘’մշակութային ոճիր մը մարդկութեան դէմ’’։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.