2015-08-26 10:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը մասնակցելու ''Արարչագործութեան աղօթքի առաջին Օրուան''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 26 օգոստոսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ, վերյիշելով թէ յառաջիկայ 1 սեպտեմբերին, պիտի նշուի արարչագործութեան համաշխարհային աղօթքի օրը, ''մասնակցութեամբ մեր օրթոտոքս եղբայրներուն եւ  բարի կամք ունեցող մարդոց'' որպէս սատար յաղթահարելու մարդկութեան ապրած կենսոլորտային տագնապը, հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները մասնակցելու աշխարհի բոլոր տեղական եկեղեցիներու մէջ այդ առթիւ կազմակերպուած աղօթքի ձեռնակներուն, որպէսզի այդ օրը դառնայ զօրեղ պահ մը ի տես որդեգրուելիք հետեւողական ապրելակերպի։

Այս ծիրէն ներս  Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ  երեքշաբթի` 1 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 5 ին, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն հետ միասին պիտի համախմբուին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ,  Սուրբ Գրային ընթերցումի եւ աղօթքի արարողութեան համար, որուն – ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապը -  այժմէն կը հրաւիրեմ հռովմէացիները, ուխտաւորներն ու բոլոր փափաքողները իրենց մասնակցութիւնը բերելու։

Նշենք  թէ արարչագործութեան նուիրուած համաշխարհային աղօթքի օրը հաստատուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ` անցեալ 6 օգոստոս 2015-ին։    








All the contents on this site are copyrighted ©.