2015-08-05 10:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը ''Վիրաւորուած ընտանիքներ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադարէ ետք,Չորեքշաբթի` 5 օգոստոս 2015-ին,  վերսկսան Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք տաքի պատճառաւ տեղի կ՛ունենան Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։

Շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս,

Այս խորհրդածութեամբ դարձեալ կը շարունակենք ընտանիքի մասին խորհրդածութիւնները եւ վերջին անգամ խօսելէ ետք վիրաւորուած ընտանիքներու մասին, ամոլներու միջեւ անհասկացողութեան պատճառաւ, այսօր մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք այլ իրականութեան մը վրայ, այն է ի՞նչպէս հոգալ անոնց որ իրենց ամուսնական անշրջելի փլուզումի հետեւանքով, նոր միութեան մը կազմեցին։

Եկեղեցին քաջ տեղեակ է թէ այսպիսի իրավիճակ մը հակառակ է քրիստոնէական խորհուրդին - ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ ''անոր դաստիարակի հայեացքը կը ներշնչուի մայրական սրտէն. Սիրտ մը որ ոգեւորուած Սուրբ Հոգիէն կը փնտռէ միշտ բարիքը եւ մարդոց փրկութիւնը։ Ասոր համար է որ անհրաժեշտ է ճշմարտութեան սիրոյն համար, լաւապէս քննարկել կացութիւնները, տարբերութիւն դնելով օրինակի համար անոր որ բաժանումի պատճառ դարձաւ եւ անոր որ այդ բաժանումի հետեւանքը կռեց'' թելադրեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց, եթէ ապա այս նոր միութեան կապերը քննարկենք փոքրիկներու աչքերով, կրնանք աւելիով հասկնալ անհրաժեշտութիւնը մեր հասարակութիւններէն ներս զարգացնելու իսկական հիւրընկալութեան զգացումը այս անձերուն հանդէպ, այնպէս որ աւելի ծանրութիւն չդիզենք անոնց վրայ որոնք արդէն դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին եւ կարօտը ունին մեր օգնութեան իրենց զաւակներուն կիրարկելու քրիստոնէական դաստիարակութիւն որ կարելի չէ իրականացնել եթէ այս անձերը հեռու պահենք հասարակական կեանքէն – նշեց Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ ''Եկեղեցին մայր մըն է որ ուշադիր է բոլորին ու միշտ պատրաստ է հիւրընկալելու, հանդիպելու եւ ունկնդրելու բոլորը''։

 Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց վերոյիշեալ  նիւթին նկատմամբ Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան  եւ իր նախորդներուն վարդապետութիւններուն եւ թելադրանքներուն վերահաստատելով թէ ամուսնալուծեալները նզովուած չեն Եկեղեցիէն եւ թէ անոնք միշտ մաս կը կազմեն Եկեղեցւոյ, հուսկ նշեց թէ աստուածաշունչի Բարի Հովիւի պատկերակին մէջ կ՛եզրակացուի առաքելութիւնը զոր Յիսուս ընդունեց Հօրմէ`  կեանքը պարգեւել ոչխարներուն համար։ Քահանայապետը նկատել տուաւ թէ այս վերաբերմունքը Եկեղեցւոյ համար եւս օրինակ է` որ իր զաւակները կ՛ընկալէ որպէս մայր մը որ իր կեանքը կու տայ անոնց համար։ Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու Հօր բաց տունը ուր ամէնքը կարելիութիւնը ունենան մասնակցելու եկեղեցական կեանքին ու ամէնքը մաս կազմեն հասարակութեան։ Եկեղեցին հայրական տունն է ուր իւրաքանչիւր անհատ տեղ կը գտնէ (Աւետարանի ուրախութիւն յորդորագիր թիւ 47)։

Ֆրանչիսկոս Պապը  խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով քրիստոնեայ ընտանիքները  նմանելու Բարի Հովիւին ու համագործակցելով անոր հետ հոգ տանին վիրաւորուած ընտանիքներուն, զանոնք առաջնորդելով հասարակաց հաւատքի կեանքի ուղեւորութեան վրայ, ստանձնելով Բարի Հովիւի վերաբերմունքը որ կը ճանչնայ իւրաքանչիւր ոչխար եւ ոչ մէկը կը բացառէ իր անսահման սէրէն։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ` սովորութեան համաձայն, զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հուսկ յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ե նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով դիմելու Աստուածամօր` ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' սրբապատկերին` Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի տօնին առթիւ,  որպէսզի զգացուին անոր սիրոյ քնքշութենէն, մխիթարուին տառապանքի պահուն ու զայն ըմբռնեն որպէս օրինակ ամուսնական կեանքի ուղեւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.