2015-08-05 14:02:00

Հայ Լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքի պաշտօնական հանդիսութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Պո-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան եւ Վենետիկի Համալսարանի Արեւելեան լեզուներու բաժանմունքի կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 6 օգոստոսին, յետմիջօրէին ժամը 5-ին, Կա Ֆոսկարի համալսարանի ՝՝Աուլա Բարաթթօ՝՝ դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ Հայ Լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքին երեսնամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը։Հանդիսուաթեան բարի գալուստի ողջոյնի խօսքը կ՝արտասանէ Հայր Լեւոն Արք Զէքիեան՝  նախագահ Պո Արաքս Մշակութային ընկերակցութեան եւ Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային դասընթացքի տնօրէն։ Խնդակցութեան եւ ողջոյնի խօսք կ՝ուղղէ նաեւ Կա Ֆոսկարի Համալսարանի ակադեմական հեղինակութիւն Դոկտ. Դանիէլէ Լաձձարինի, տնօրէն ուսանողներու վարչութեան ։  

Նշենք, թէ Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքի երեսնամեակի պաշտօնական հանդիսութեան պատուոյ դասախօսն է Դոկտ Ռազմիկ Փանոսեան, Տնօրէն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.